ՅՈՅԶԵՐ ՈՒ ԽԱԲԿԱՆՔ
Եկո՜ւր ինծի յո՜ւշ, ծովերէն փոթորկոտ
ալիքներէն ափատենչ,
Եկո՜ւր ինծի անձաւներէն մուգապատ,
աղջամուղջներէն լուսաբացի,
Եկո՜ւր ինծի մեղկ յոյզերէն թօթափած,
անցեալներէն վտարանդի,
Եկո՜ւր ինծի թէժ կիրքերէն երէկի,
անպատանք հոգիով կարօտի,
Եկո՜ւր ինծի կեանքի խաբկանքներէն տանջալի,
ձանձրոյթներէն հոգեսպան:
Ա´ռ զիս տարփոտ շունչիդ տակ,
Հոլանի մարմնիդ կից կրքոտ
Ու եղիր մեղկ զեղումներուս կամակատա՜ր...
Տո՜ւր ինծի անհուն հրճուանքը գիշերուան մը գգուանքին,
Ապա նետէ գի՜րկը խաբէութեան ու խաբկանքին.
Ի՜նչ փոյթ։ Խաբկանք չե՜ն մի՞թէ զեղումները քերթողին,
Բաւ է ինծի հոգեթով զմայլանքը գրգանքիդ,
Ծնունդը անցելապաշտ գգուանքին՝
Ու արգասիքը մարդուս անձկութիւններուն ու քմայքին.
Եկո՜ւր ինծի յո՜ւշ, անցեալներէն անթեղուած,
յոյզերէն բորբոքած,
Եկո՜ւր այգաբացի ցօղին քնքշանքով,
Կարկաջահոս գետակի մը նման պաղպաջուն
Եկո՜ւր ինծի անշքացող ներկայիս հառաչանքէն,
Գալիքին՝ որ խաբկանքներու արարումն է կրկին
յո՜ւշն է այսօրուան խենթ տենչերուս....
2007
ԿԱՄԱՐ, Թիւ 4-2007, էջ 34։