ԲԱՌԵՐ ՈՐՈՆՔ ԳՈՒՑԷ ՉԾՆԻՆ
Բոցավառ հորիզոնին տեսադաշտին ընդմէջէն
Կը ճախրեն խոհերս՝ հարցադրումներով լի...
Արդեօ՞ք ծնելիք բառերն իմ ներանձնական
Պիտի բան մը աւելցնեն
Խօսուած ու գրուած բոլոր բառերուն,
Յոյզերուն ու մտածումներուն վրայ,
Չըսելու համար՝ եթէ որեւէ լուծում պիտի բերեն
Խլիրդի նման օրըստօրէ աճող աշխարհի հարցերուն,
Որ ինքն իրմով սնանած կ’աճի՝ արա՜գ, անբուժելի,
Ինչպէս լաւան կը ժայթքի որոտընդոստ՝ շանթի նման,
Կը դառնայ ժամի լուրը կարճատեւ,
Արդեօ՞ք պոռթկումներս ալ պիտի չդառնան
Պահի ժամանցը միայն, եւ ուրիշ ոչի՜նչ,
Ապերախտ ժամանակի թաւալումին հետ։
Մի՞թէ անգիր խօսքերը նոյնքան տագնապալի չեն,
Որքան գրուածները՝ աշխարհի ահաւոր հարցերուն,
Կամ կոտտացող վէրքերը վիրաւոր մարդուն,
Նոյնքան ցաւոտ չեն՝ որքան գալարուող բանաստեղծին
Յուզող, մորմոքող երգերն են, խռովայոյզ։
Աշխարհէն մեկնելու պատրաստուող մահամերձին
Լո՜ւռ շիթը մի՞թէ աւելի նուազ ցաւոտ է քան՝
Նոր աշխարհ եկող մանկան ճիչը սրտաճմլիկ։
Մի՞թէ համր մարդուն սիրտը նուազ թախծոտ է, քան
Մեղեդին՝ գեղգեղող սոխակին, ծառին վրայ թառած։
Չարարուած բառերուն հետ, բառերը՝ շրթներուս վրայ
կը մնան կարկամած.
Վիժած պատրանքներուն նման, Բանը կը մնայ անզօր,
վրիպած նետի մը նման.
Չներկուած կտաւներուն նման, հոգիիս պաստառը
կը մնայ դատարկ ու անգոյն,
Ու սահող օրերուն հետ անհաշիւ, օրերը մեր
Կը մնան անարձագանգ...
2005