ԳՐԳԱՆՔԸ ՊԱՏՐԱՆՔԻ
Նախերգանք
Աշնան տերեւաթափը մեր մօտ
Կու գայ մի՜շտ ձմրան,
Երբ սրտերը կծկուած պատմուճանի են նման,
Երբ ծիծեռնակները՝ գաղթած մեր երկնակամարէն՝
Կը տենչան մտերմութիւնը երդիքներուն տաք։
Աշնան տերեւաթափը մեր մօտ
Ալիքներու՝ խարակին բախուող ահեղ շառաչին նման,
Տխուր հոգեվիճակներ կը բերէ
Ու թախծոտ ամայութիւն մը կը սփռէ չորսդին.
Ոգի մը ջերմ, առինքնող նազանքով,
Կը յաջողի պատռել թանձր քօղը պատրանքներու,
Ու նորափթիթ յոյզերու ոդիսականի մը
Արարները կը գրէ լուսնի լոյսին տակ։
Արար 1 – Փնտռտուք
Լռութեան մէջ գիշերին, փնտռեցի ձայնդ կարօտաբաղձ,
Բայց չգտայ քեզ...
Մշուշներուն մէջ կեանքի հեւքին ու ձանձրոյթին՝
Որոնեցի յոյս արարող դէմքդ պայծառ ու չգտայ...
Մշուշն ու լռութիւնը գրկեցին զիրար կայծակի նման,
ու տեսայ յանկարծ
Լուսէ ուրուական մը՝ կ’անհետանայ լո՜ւռ...
Մնացի անձկութեանս մէջ մինակ,
Ու վշտաբեկ մտորումներուս՝ դէմ յանդիման...
Արար 2 - Հեշտանքին ընդառաջ
Բզկտուած սրտով կու գամ հմայքիդ ընդառաջ,
Ո՜վ իմ ազատարար միանձնուհին պատրանքներուս.
Կու գամ գիշերուան խոնաւ աղջամուղջին,
Պարզած՝ մերկութիւնս ամբողջական։
Քե՜զ, միայն քե՜զ կ’ըղձայ իմ ճենճերող հոգին՝
Այս հրակէզ, այս խառնակ օրերուն որ մերն են,
Քե՜զ, որու կաթնահեշտ ու շուշան մարմնի քաղցրաբոյր
Քրտինքներուն վրայ կը սողան նայուածքներս շլմորած
ու ափակէզ.
Ես հիմա խոցուած արուն եմ այդ դաժան սեւեռումին,
Որու նետերը առաւօտու սառն ցօղին նման կը հանգչին
Տերեւներուն վրայ, զգլխանքի նման կը դիւթէ չորսդին,
Կը հրաւիրէ իր վրայ լուսածագի շողերը երփներանգ
ու անմեկին։
Հո՜ն, քու ներքեւ, հոգիս պիտի գտնէ իր վերջալոյսի
Անդորրը խորին, երկար թափառումէ ետք ապարդիւն,
Ու լլկող, անքուն մաքառումներէ ետք, պիտի գայ քեզի,
Իր հմայքին բեռը թօթափելու պատուանդանիդ հոլանի։
Արար 3 – Պարտութիւն
Այսօր զիս զգետնեցիր յաւիտենապէս...
Զիս ալ առիր հմայքիդ աքցանին մէջ մագնիսական,
Որու փորձութեան
Կը դիմադրէի վհատ կռիւով մը անհաւասար։
Դո՜ւն, հրէշին ու հրաշքին միջեւ չմեկնուող՝
Ոգին ջերմ ու վառ, ինչպէս շիկացած երկաթը
Կը խրի մարմնին մէջ, ճզզիւնով մը խանծող,
Մտա՜ր այդպէս իմ խոցուած սրտէն,
Իմ մարտնչող հոգիէն ներս,
Դաժան մարտէ մը ետք անհաւասար...
Զիս զգետնեցի՜ր վերջապէս...
Մի՞թէ հրճուանք կար դէմքիդ ծիծաղկոտ,
Երբ աչքերս թեքուած վար,
Պչրոտ թեւերուդ յաճախանքի գերին,
Պեղող աչքերուդ դիմաց պատիժի սպասող
Հլու աշակերտի նման կանգնած՝ կը սպասէի լո՜ւռ...
Արիւնս կ’եռա՜ր երակներուս մէջ,
Համակերպ գառնուկի մը վերածուած ըլլալու
Զգացումը կը սարսափեցնէր զիս այնքան,
Յուզուած էի չափազանց ու տխուր.
Վերջին ճիգ մը արդէն ու փախայ դուրս,
Ուր ոտքերս զիս քեզմէ պիտի հեռացնէին...
Արար 4 - Տխուր հոգեվիճակ
Ինչո՞ւ մեր ուղիները կը հանդիպին յաճախ իրարու,
Մեղմ ժպիտի չգաղտնազերծուած քօղով, կամ՝
Համր նայուածքի մը քարացած պահերով։
Ինչո՞ւ անվաւեր, դժկամ զգացում կ’ուրուագծուի միշտ
Ջերմ ու խնդամոլիկ այդ դէմքիդ, ամէն անգամ
Որ քայլերն մեր ակամայ կը խաչաձեւեն զիրար.
Ինչո՞ւ թանձր տխրութիւն մը կը թափանցէ ներս,
Երբ մեր աչքերը հանդիպին իրարու, ամբոխին մէջ,
Ու գոհունակ խայծ մը կը փարատէ միշտ զայն.
Մեղաւո՞ր են միթէ ճամբաները, իմ քայլերը հաստատ,
Մեղաւո՞ր են միթէ իմ աչքե՜րը, երբ քեզ կ’որոնեն
Ամէն քայլափոխի կամ առիթի, դարանակալ...
Ինչո՞ւ խոստովանութիւնը յղի է անսպասելի
հետեւանքներով միշտ...
Արար 5 – Խոստովանութիւն
Կարելի չէ՜ չսիրել քեզ, կի՜ն,
Երբ Կղէոպատրայի հրապոյրովդ վէս՝
Խրոխտ կը կանգնիս իմ դիմաց,
Զոհաբերութիւն պահանջողի
Հոլանքովդ ամբողջական...
Կարելի չէ՜ չմերձենալ քեզի, կի՜ն,
Թէկուզ աչքերով ծարաւի,
Ու նայուածքներով տեղատուող,
Երբ կանգնած, խարազանող աչքերով,
Կարող ես հզօր կամքերն անգամ
Խոնարհեցնել քու դիմաց...
Կարելի չէ՜ անտեսել քեզ, կի՜ն,
Երբ գեղեցկութիւնդ խօլական, քեզի տրուած
Զէնք մըն է բոլոր պատնէշները քանդող,
Երբ կամքն անգամ, լարուած պարսատիկի նման,
Կրնայ հարուածել լոկ ինքզինք միայն...
Բայց կարելի չէ չմերձենալ քեզի... կի՜ն,
Կարելի չէ չսիրել քեզ...
Կարելի չէ մոռնալ քեզ....
Ահա բարդոյթը անլուծելի
Ու հանգոյցը գորդեան…
Վերջին արար - Հաճելի երա՜զ
Ես գիտեմ, որ լալկան ուռենիի շունչին տակ խոնաւ,
Մեր հոգիները պիտի մեր սէ՜րը ընդերկա՜ր շշնջան...
2009
ԲԱԳԻՆ, ԽԷ. տարի, Յուլիս-Սեպտ. 2009, Թիւ 3, էջ 13-16։