ԳԼԽԱՊՏՈՅՏ
Կը խեղդուիմ այս դատարկ աշխարհին մէջ,
Գլխապտոյտ պատճառող խմիչքին գինովութեամբ.
Խմիչքը, որ տուաւ ինծի երանութիւն անցողակի,
Կորսնցուցած զայն, կը դիմագրաւեմ իրողութիւնը դառն։
Կը սուզուիմ յատակը այս խորաթափանց ծովուն,
Բայց իմ գլխապտոյտը կը շարունակուի անարգել.
Ու գիտեմ, թէ ես չկամ այլեւս որպէս անուն հասարակ,
Այլ միայն վիճակ մը՝ այլոց նման զիս կանխած։
Ես կը տուայտիմ խաւար անջրպետին մէջ մտամոլոր,
Ինչպէս փայլատակող աստղը, որ պիտի հանգի ի մօտոյ.
Բայց ի՞նչ կ’արժեն աստղերն ու լուսին, երբ խաւարը
Կը մնայ տիրապետող, պարապին մէջ համայնական։
Կը քալեմ յամրաքայլ, ականուած ուղիներէն
Հարց տալով, եթէ իմ գոյութիւնը ունէր նպատակ.
Իսկ այն բոլորը որ եկան ու գացին ի՜նչ եղան՝
Որ ես ըլլայի տարբե՜ր այլոցմէ՝ զիս կանխած...։
2003