ԳԻՇԵՐԱՅԻՆ ԽԱՐԽԱՓՈՒՄ
Թէպէտ գիշերը, թանձր մառախուղի նման,
Կը տիրէ միահեծան՝ երկրի վրան
Ու ներաշխարհէն ներս գորշ ու տմոյն,
Բայց եւ կայծ մը գրգանք կը բերէ, յոյզեր ու սոյզ,
Կը խարանէ խռովքն իր մթագնած հոգիին,
Կարծես բարտիի սօսափիւնը ըլլար գիշերային,
Ալեկոծելով թեւաբեկ մակոյկը
Քարափ յառող նաւապետին, որ տուն կը դառնայ:
Այդ ալեկոծութեան մէջ տարուբեր,
Անբաղձալի մակոյկին գալարագին տատանումին
Հետ՝ դէպի ցամաք սլացող հոգին՝
Զերդ կոհակ մը, կը ճօճուի աջ ու ձախ:
Բայց ի՜նչ փոյթ, յանձնուած վաղո՜ւց
Տատանումներուն անագորոյն, ինքնակա´մ,
Գիտէ, թէ բախտին դիմաց խոշտանգուած,
Միակ ապաւէնը, վերջին խօսքը անպաճոյճ,
Ցամաքն է անծի՜ր, անհրապոյր,
Իր կայքը վերջին:
2010