ԳԻՇԵՐԱՊԱՀԸ

Երբ խաւարին մէջ համայնակուլ,

Գիշերապահի մը նման մշտարթուն,

Կը գիջանան աչքերն անոր խումար,

Զերդ աստղեր՝ խոնջած ու մտամոլոր,


Կը մտաբերէ աղմուկը՝ իր շուրջ բարձրացուած,

Դառն ու անողոք հալածանքը իր անձին,

Յիմար լլկումը ամէնօրեայ, զոր իրն էր անկասկած,

Եւ փղձկումը յաճախակի, զոր քանդեց

շա՜տ դիմակներ իր դիմաց,

Զինք դրաւ մեղկ ճշմարտութեան դէմ յանդիման։


Զզուանքի սարսուռ մը պատեց էութիւնը ջլատ,

Հեծեծեց երկա՜ր, դառն հառաչանքով.-

Ո՜հ խեղճ մարդիկ, ապիկար եւ ճղճիմ,

Արժէ՞ր միթէ ցաւի ճաշակն այս դառնահամ,

Եւ արժէ՞ր աւազամրրիկն այս խօլական,

Երբ վաղ թէ ուշ պիտի խաղաղէր փոթորիկը,

Ու յիշատակ դառնար հալածանքն այս հոգեսպան,

Երբ մարդիկ պիտի տեսնէին խարդաւանքը սուտին,

Ու վկայէին ճշմարտութիւնը բացայայտ...


Լիալուսին գիշերին մէջ

Կը փղձկին զոյգ աչքեր շողշողուն,

Հէք ժպիտի մը ուրուագծումը անոր դէմքին՝

Կը ջրէ երէկի դալկացած վիշտերը համակ:


Արշալոյսի շողերը կը ցրեն ի վերջոյ

արցունքները հէ՜ք աղջկան:

2011