ԳԵՏԸ
Ոլորապտոյտ կածաններով վար
Կը հոսի գետը արագավազ.
Ժայռերուն միջեւ լճակ մը պարզ,
Ապա հրուանդան մըն է աղմկարար:
Ահեղ տեսքին ու լռութեան մէջ
Համակ ոգին է ան բնութեան.
Տարերային ներքին խռովքը այնքա՜ն
Սքօղուած իր շքեղ երեւոյթին մէջ:
Բայց ունի ան իր ուրոյն ուղին,
Կերտուած՝ երկա՜ր մաքառումներէ ետք,
Ու հիմա կը ճեղքէ անտառը, հպա՜րտ,
Դէպի ոլորտները անհունութեան:
Գետը կեանքն է. իր ընթացքին մէջ
Անարգել կը շարունակէ կշռոյթը՝
Մարդկային գոյութեան, ստեղծելով համանուագ մը՝
Որ կ’արձագանգէ խորհրդաւոր լինելութեան մէջ...:
1985