ՀՈՂԻՆ ՈՒԺԸ
Ուժեղ է, հզօր է զօրութիւնը հողին…
Ափ մը հողին, որ կեանք, յաւերժութիւն կը շնորհէ,
արեան լուռ ճիչ, հպարտութիւն կը բուրէ,
դարերու պայքար, կռիւ ու խոյանք կը շնչէ,
մաճկալի զրնգոց, հովիւի վիշտը կը հծծէ,
մենաւոր վանքերու աղօթք, ղօղանջը կը գգուէ,
մեր գոյութեան տարերքի ո~ւժը, սխրանքը կը յուշէ …
Հզօր է, ուժեղ է խորհուրդը հողին…
Բուռ մը հողին, որ պատիւը, արցունքն է մշակին,
գարնանային տարերքն է ազնիւ ու բարի,
գիշերներու բուրմունքն է քիրտին, կամքին,
դարերու խորքերէն բխող ցասումն է հպարտ,
հայուն խիղճն է, արեան կանչն է, կտակն է նախնեաց,
հոգիին, մտքին թռիչքն է, գոյութեան հէնքն է համակ։
Անգին է, թանկ է արժէքը հողին…
Ափ մը հողին, որ գրաւականն է վաղուան,
կը ժայթքէ սխրանք, մանուկի ճիչ ու ծիծաղ,
կ'ընձիւղէ ներշնչանքը անաչառ վաղուան,
կ'երկնէ նոր ոսկեդար, նոր զարթօնք նուիրական,
նոր արշալոյսներու խանձող կիրքը Մայիսեան։
թանկ է գինը ափ մը հողին հայկական…
Անյո~յս է պայքարը, գոյութիւնը մեր՝ առանց հողին…
Այն հողին, որ մեր ոտքերուն տակ կը վնգայ ցրտահար,
ամուլ, ամայի տարածք է անբնակ,
կը ղօղանջէ լուռ, կը բուրէ խունկ ու մահ,
վկայ է լուռ՝ աճուրդին, դաւին, բիլ ցերեկին,
կ'ողբայ իր որդիները նահատակ, վտարանդի.
ափսո~ս, ի՞նչ տարբերութիւն ելքին,
երբ տէրերն իր կ'երթան անհամար,
կ'երթան անվերջ, անտարբեր,
կը լքեն զինք իր մեռելներուն, ծերերուն անտէր,
վաղն ալ՝ նոր հրոսակներուն, աւա~ղ …
Զօրե՜ղ է կամքը հողին, երբ ունի տէր՝ փայփայող, սիրող,
Ո՜ղբ է, եղերե~րգ է խռովքը հողին, երբ տէրերն իր
կը հեռանան ուղիներէն ուրացման …
Հողը հզօրին իրաւունքն է միայն…