ԱՆԺԱՄԱՆԱԿ

Մեղմ ու յուշիկ,

Ինչպէս նուագը ցայգի,

Կը դարպասես գիշերին

Կրկին:

Ահա ես,

Նստած պաստառին դիմաց,

Առանձին,

Բառի, բանի որոնումի մէջ,

Ինքնասոյզ,

Երբ կը դեգերիմ մոլոր ու խոհուն

Կածաններէն իմ ճանապարհի,

Կը յայտնուիս որպէս պատրանք ոգեղէն,

Միս ու ոսկորի կերպարանքով անյողդողդ,

Յաճախանքի մը անմիջականութեամբ

Կը հմայես պահը խոհուն

Գրգանքիդ մենատիրութեամբ:

Ալ ի՜նչ խոհ, ի՜նչ բառ ու բան, կի´ն,

Քուրայիդ մէջ ինքնապտոյտ կը շրջուիմ,

Դարէ դար ու երկրէ երկիր պտտուող՝

Սա մոլորած աշխարհին նման:

2010

ԲԱԳԻՆ, ԽԸ. տարի, Ապրիլ-Յունիս 2010, Թիւ 2, էջ 27-28։