Ի՞ՆՉ ՊԻՏԻ ԸՍԵՆՔ ՆՈՐ ՍԵՐՈՒՆԴԻՆ

Ի՞նչ պիտի ըսենք մենք նոր սերունդին

մեր հաւաքական, ազգային կեանքին մասին.

Ի՞նչ պիտի ըսենք մեր մատղաշ զաւակներուն՝

որպէս խորհուրդ, գալիք վաղուան մասին։

Պիտի ըսենք՝ թէ ժամանակը կա՞նգ առած է հոն.

19-րդ դարն է դեռ հոն յամեցող.

Ժողովրդավարութիւնը՝ անծանօթ կարգախօս միայն,

Թայֆայականութիւնը՝ անփոխարինելի ախտ արդարեւ,

Ամաթէօրիզմը՝ գործելակերպ աննախընթաց,

Շահագործումը՝ հոմանիշ ծառայական կերպին,

Նորարարութիւնը՝ այլախոհութիւն անընդունելի,

Ձախաւեր վարչակալութիւնը՝ ինքզինք գերազանցող

մրցանիշ,

Ստրկամտութիւնը՝ ապահով միջոց ապրուստի.

Ի՞նչ պիտի ըսենք նոր սերունդին մեր մասին այսօր։

Ի՞նչ պիտի ըսենք մեզ վարակած փառամոլ եսին մասին,

որդի մը պէս մեր հոգիներէն ներս սողոսկած.

Ի՞նչ պիտի ըսենք մեր փտած կառոյցներուն մասին,

ուր պաշտօնները շքեղ ցուցափեղկեր են միայն.

Ի՞նչ պիտի ըսենք իրերամերժ մեր նկարագրին մասին,

ամէն ոք ինքզինք ճիշդ դաւանող մոլուցքով տարուած.

Ի՞նչ պիտի ըսենք մեր արիւնաքամ մարմինին մասին,

յանցանքը բարդելով սփիւռքեան մեր

պայմաններուն վրա՞յ դժնդակ։

Ի՞նչ կու տանք մենք նոր սերունդին այսօր,

Ու ի՜նչ կը սպասենք անորմէ վաղը այս ընթացքով,

Հաշուեյարդարի ժամը թափանցիկ պիտի գա՞յ շուտով,

Թէ՝ այդ մէկը կը սեպենք մեզի վերագրուած նախատինք։

Ե՞րբ պիտի բարեկարգենք մեր տունը յաւուր պատշաճի,

նոր ժամանակներուն յարիր ընթացակարգով...

2004