ԲԱՌԵՐՈՒՆ ՄԵՐԿՈՒԹԻՒՆԸ
Ես երգեցի սէ՜րը,
Երբ արեանս մէջ բոցկլտող գինին կը հոսէր երակներէս,
Կարծես Նիակարայի ջրվէժն ըլլար ըմբոստ.
Ու կը ժայթքէր դուրս բջիջներէս հրկիզուած՝
Բառերու ներամփոփ տարերքով մը արբշիռ։
Ես տեսե´ր ու ապրե՜ր եմ արբեցնող հրայրքը սիրոյ...
Ես երգեցի վի՜շտը,
Երբ անգութ պատերազմը տեսայ կ’աւերէր հոգիս
Որպէս չարին յաղթանակը անկոտրում.
Ռումբի, կապարի ու ծծումբի այրուցքէն բաժին ինկած
Իմ շնչած օդին, թոքերէս արի՜ւն փսխեցի որ ապրի´մ։
Ես տեսե´ր ու ապրե՜ր եմ արհաւիրքը պատերազմին...
Ես երգեցի բնութի՜ւնը,
Երբ Գեղեցիկին պաշտամունքը դարձաւ բնաբան ինծի,
Որպէս փախուստի այլընտրանք մը անրջային.
Ծառերէն, ծովէն, երազային գիշերներէն շնչեցի այնքան՝
Որքան իմ հրկիզուող հոգին պարփակեց աւիշ լուսեղէն։
Ես տեսե´ր ու ճաշակե՜ր եմ Գեղեցիկին հմայքը ոգեղէն...
Ես երգեցի մա՜հը,
Երբ տեսայ մարդը ջլատող տառապանքը համատարած
Որպէս գոյութենական ճշմարտութիւն անշրջանցելի.
Գերիվեր ուժերու խորհուրդին հաւատացած
Դարերու իմաստութիւնը հարցադրելով ընդունեցի։
Ես տեսե´ր ու ճաշակե՜ր եմ բազում երեսները վշտի…
Ես երգեցի անորոշութի՜ւնը,
Երբ տեսայ մարդոց խարխափումը անվերջ,
Որպէս անբուժելի ախտ անոնց հոգիները խոշտանգած.
Պատէ պատ զարնուող՝ լլկուած սերունդներու
Տարանցման խռովքին հաղորդակից դարձայ ակամայ։
Ես տեսե´ր ու ապրե՜ր եմ լլկումի այդ պահերը ցաւագին։
Ես երգեցի կեա՜նքը,
Երբ սէր ու վիշտ ագուցուեցան իրար իմ ուղեւորութեան,
Որպէս շղթայուած օղակներ անքակտելի.
Երբ ծերունիին արցունքը, երեխային ժպիտը հիւսուած,
Գոյութեանս տուին իմաստ մը, թէկուզ ժամանակաւոր։
Ես հաշտուեցայ ու ընդունեցի կեանքը որպէս չարաճճի խաղ...
Ես երգեցի պարզութի՜ւնը,
Երբ տեսայ մարդուն ամբարտաւան կիրքը,
Որպէս քանդող ու աղէտալի փորձութիւն.
Ծղօտներու հեզ ու ազնիւ թովչանքով զմայլած,
Սիրեցի բարութեան գրգանքը ոգեշնչող։
Ես տեսե´ր ու ատե՜ր եմ վաշխառուները փառքի...
Ես երգեցի հոգիի թռի՜չքը,
Երբ տեսայ մամոնային խնկարկումը ամէնուրեք,
Որպէս սրբութիւն սրբոց նուիրական.
Հոգիին անմահութեան հաւատամքը դարբնեց իմ մէջ,
Ինչ որ գեղեցիկ էր ու վաւերական այս աշխարհին մէջ։
Ես տեսե´ր ու նզովե՜ր եմ երկրպագուները մամոնային...
2006
ԿԱՄԱՐ, Թիւ 2-2006, էջ 34-35։