ՄԵՀԵԱՆՆ ՈՒ ԲԱՐՏԻՆ
Երբ միջօրէի շոգը իջնէ երկրի վրայ յանձնապաստան,
Կորաքամակ մեհեանը Արտեմիսի, լերան լանջին,
Կը ցօղէ քրտինք աղի, մերկահրապոյր ստինքներէն վար,
Մարմարեայ սրունքներէն ծորելով աղբիւրի նման գաղջ,
Ջրելու խանձած ծղօտները, իր չորսդին փռուած...
Բարտին իր դիմաց զինք կը դիտէ հմայուած,
Կարծէք սիրահա՜ր մը զմռսուած, որ կը փորձէ
Մերձենալ, շուքն իր տարածելու անոր վրայ,
Հոլանի մարմնէն հոսող ցօղը ըմպելու,
Յագեցնելու իր ծարաւը անյագ...
Անշարժ կանգնած կը դիտեն զիրար երկա՜ր,
Անձկութեամբ մը՝ ամէն օր, հին սիրով մը վառ.
Վերջալոյսի ոսկեայ շողերուն հետ կու գան
Զոյգեր սիրահար, խոստումներ փոխանակելու իրար,
Մեհեանին գիրկը նստած.
Բարտին խանդոտ կը դիտէ զիրենք, քմծիծաղ բռնած,
Ի վերջոյ, իր սիրածն իր դիմացն է միշտ,
Իսկ իրենց խոստումը՝ սէրն է յաւերժ, անբաժան...։
2005