ԱՊԱԳԱՅԻ ՀԵՏՔԵՐՈՎ
Տարտղնուած աշխարհի տարածքին
Ինչպէս սերմը դաշտին վրան,
Ապրեր ես երաշտ ու փոթորիկներ
Բայց արմատ ես նետեր
Ու տոկացեր խիստ բնութեան...
Ամուր կառչած երէկիդ դիւցազնական
Անոր աւիշով ես սնանուեր,
Ու կազմաւորման վիպերգութեանդ մէջ յամառ,
Եղեր ես կաղնիին նման վեհապանծ,
Բնութիւնն ու ժամանակները արհամարհած,
Ծառացեր ես երկնքին դէմ եւս մթագնած...
Մեղուի պարսին նման պանդուխտ,
Շրջեր ես դաշտերն աշխարհի լայնատարած,
Էութեանդ հարազատ՝
Մեղր ես տուեր անսպառ ու առատ,
Եւ ճիշդ անոր համար
Ամէնուրեք գրկաբաց են ընդուներ քեզ,
Մեղրիդ համար, թանկ ու ձրի,
Նկարագրիդ համար խոնարհ ու կորովի...
Աշխարհ դարձեր է յուռթի,
Բայց հեռաւոր երկիրդ ծարաւի
Ամայութեան մէջ հոգեվարք կ’ապրի...
Երբեմնի բեղուն արտերը անտէ՜ր
Քեզի կ’աղերսեն. լսէ՜ կա՜նչը հողին...
Եղեր ես նման այն նաւուն,
Որ ովկիանոսին մէջ ալեկոծ,
Ուղղութիւնն իր կորսնցուցած
Բուռն գոյամարտ է մղեր
Բնութեան տարերքին դէմ ահարկու,
Ու լինելութեան պայքարին մէջ
Ապահով ափը անհասանելի է եղած.
Մնացեր ես միայնա՜կ՝ ճակատագրին դէմ…
Օրհասական այդ պահերուն,
Ապրեր ես հեռաւոր փարոսին
Սեւեռած, որ լուսաւորելով քու ուղին
Դարձեր է հաւատքի խայծը,
Ու կամք ներշնչող գրգիռը
Ափատենչ երթիդ մէջ անյողդողդ...
Տիեզերքի անհունին մէջ
Անսովոր աստղ մըն ես եղած անշէջ,
Որ ընթանալով երկինքի անհունին մէջ
Լուսաւորեր է խաւար երկինքներ,
Օտա՜ր ու ամա՜յի աշխարհներ...
Եղեր ես հեռո՜ւ այն երկնակամարէն
Որու ջահն ըլլալ ես սահմանուեր
Եւ որ, հեռացումէդ ի վեր,
Խաւար անջրպետ մըն է դարձեր...
Որքան ալ պայծառ ու ջինջ,
Յաղթակա՜ն՝ սլացքիդ մէջ,
Կլանող այս աշխարհին մէջ
Մնալու ես օտարակա՜ն մը մահամերձ...
Կ’ապրիս միայն ու միայն
Հարազատ դրոյթիդ մէջ աստեղային,
Երկնակամարիդ տակ հայրենական...
Վեհ Մասիսի ակունքներէն բխող
Աղբիւր մըն ես եղեր խելահեղ,
Որ սակայն շեղելով իր ուղիէն,
Կորսուեր է անտառներու մէջ անեզր...
Քալելով հսկայ գետերուն առընթեր
Վերածուեր ես առուի մը աննշան ու համեստ...
Գոյութեանդ մէջ յաւերժական,
Դարձեր ես կամուրջ մը հաստատ,
Հին ու նոր ժամանակները կամրջող,
Ժողովուրդները շաղկապող...
Դիրքիդ համար նախանձելի,
Փորձեր են կլլել քեզ բանակներ դրսեցի,
Բայց սուղ գին են վճառեր
Իրենց անսահման ախորժակներուն համար...
Ու դարերու թաւալումին հետ,
Մնացեր ես խրոխտ ու անսասան,
Շրջապատի հակադիր տարերքներէն,
Ներքին տարտամ խռովքներէն
Գոյութեան նո՜ր ոգի ես ստեղծեր,
Հաւատարիմ՝ հեռուներէն արձագանգող
Արեան ու Մասիսի կանչին,
Յաւերժական քու երթի ուխտին...
Ու պատմութեանդ նորագոյն այս հանգրուանին,
Խարխափանքիդ մէջ եօթանասունամեայ,
Որոներ ես իրա՜ւ քու ուղին
Ու կարծես գտեր ես զայն...
Հիմա կանգնած սեմին
Այդ նոր հանգրուանին,
Հաւատքի, կամքի, հաւաքական ոգիի,
Կը քալես հետքերովն ապագայի...
1985