ԱՆՁԿՈՒԹԵԱՆ ՅՈՅԶԵՐ
Երբ քանդուին բոլոր պատերը բաժանումի,
Ու ժամանակի փշաթելերը վերանան ի սպառ,
Մեր հանդիպումը կրկին պիտի ըլլայ խօլական,
Խարակին բախուող ալիքին նման աղմկարար,
Ու յաղթերգի շեփորումին նման բարձրաձայն։
Պիտի իմ հոգին գրկէ՜ քեզ կաթոգին, երէկուան նման,
Շշնջէ երախտագէտ սիրոյն գաղտնիքները անթեղուած,
Խոստովանութեամբ մը անմեղ ու յոյզերով զեղուն,
Պատմէ իր անցած հոգեվիճակներու խայծերուն՝
Ու կորսուած ժամանակներու անդոհանքի պահերէն։
Եկո՜ւր, անհրապոյր ձմրան աւարտին նման անձկագին,
Երէկը թող ըլլայ ներկային մէջ ծնած զեղուն օ՜ր միայն,
Թող ամպերը բախին կատղած ալիքներուն շռնթալից,
Ի՜նչ փոյթ։ Եկո՜ւր, թէկուզ վերածուիմ համր ժայռի,
Այնուհետեւ, բայց գիտեմ՝ հոգւոյս անջրպետին մէջ
Անափ, դուն պիտի տուայտիս յաւիտեան...։
2005