ՆԵՐԲՈՂ ԱՌ ԲԱՆԱՍՏԵՂԾ
Յակոբ Մանուկեանին
Կը քալես վհատ,
Կը քալես մտամոլոր,
Անտեսուած ու դատապարտուած,
Լուսանցքին վրայ ընկերութեան՝ տարանջատուած…
Կը քալես տխուր,
Կը քալես ծարաւի,
Պատմութեան փշոտ արահետներէն,
Գրկած տուայտանքը մարդուն՝ տագնապահար,
Գրկած հոգն ու տառապանքը՝ մարդկութեան,
Առաքելութեան մը անխախտ հաւատքով:
Բայց գիտցի՛ր, ո՜վ տարաբախտ բանաստեղծ,
Քու ճանապարհդ դեռ երկա՜ր է ու փշոտ,
Քու երգդ տխուր է մնալու երկար ժամանակ,
Քու Աստուածդ դեռ խաչուելու է ամէն օր,
Մինչեւ վերջնական ազատագրումը մարդուն:
Քու խիղճդ տագնապելու է դեռ երկա՜ր ատեն,
Քու վիշտդ շարունակուելու է անարգել,
Քու պատմութիւնդ մնալու է անաւարտ,
Մինչեւ որ արդարութիւնը յաղթանակէ երկրի վրայ,
Մինչեւ որ ճշմարտութիւնը դառնայ համանուագ մը`
բազմաձայն, ներդաշնակ…
Պիտի շարունակես քու երթդ անվհատ
Մարդկութեան սիրոյն, անմխիթար,
Պիտի քալես այս ճամբով, ուխտած՝ չլռել,
Մինչեւ որ գրիչիդ ուժը ըլլայ վճիռ ու հրահանգ,
Մինչեւ որ սրտիդ երգը գտնէ արձագանգ
Ամայի անապատին մէջ ու դառնայ տիրական
համատարած համանուագ…: