ԱՂՕԹՔ ԱՌ ԱՍՏՈՒԱԾ
Նարեկեան ծանրախոհ երկիւղածութեամբ,
Արտասուաթոր ու ծնրադիր
Կը դիմեմ Քեզի, իմ Արարիչ Բարձրեալ։
Լսէ՜ աննշան որդւոյդ պաղատանքը անանձնական,
Ու վերջ տուր իմ հայրենիքի բազմաչարչար
տուայտանքին բազմադարեան,
Տուր անոր Հայկեան թուրը յաղթական
Ճեղքելու անարդար լացի պատը՝
անագորոյն ու երկնասլաց։
Վերջ տուր իմ երկրի տրտմաթաթախ երկունքին,
Անոր հողի կրնկակոխ բռնաբարման,
Փոթորկոտ գետերու արտասուալից զեղումին,
Հոգեթով զանգերու ղօղանջին՝ սարսափահար։
Լսէ´, Տէ՜ր իմ,
Ծովածաւալ վիշտերէն յագեցած հոգիներուն անբասիր,
Երկինք ծառացող ցասկոտ պոռթկումը խաչքարերուն,
Գիշերին մէջ տարուբերուող վշտահար երգերը՝
տարագիր կռունկին,
Կ’աղաչեմ թախանձագին, Տէ՜ր Ամենակալ,
Անգամի մը համար միայն՝ փշաքաղուի՜ր
Ու տրտմի՜ր, եթէ պէտք է,
Գուցէ դառնայ սպեղանի՝ մեր պալարին բաց,
Գուցէ դառնայ փրկարար հրաշքը միանգամայն
- Գէթ անգամի մը համար։
Անգամի մը համար, Տէ՜ր իմ,
Թող գառնուկը վերածուի ոսոխի,
Ու իմ ցեղը դառնայ գիշերի գայլը գիշատիչ,
Ու տենչայ արի՜ւն...
Դառնայ անտառի տիրակալը գազազած։
Անգամի մը համար,
Եղբայրութիւնը կեղծ թող դրուի մէկդի
Ու ներողամտութիւն մեզմէ չպահանջուի...
Նարեկեան արդարահատոյց աղօթքով մաքրամաքուր
Կը հայցեմ հայրենի երկրիս փրկութիւնը խափանուած,
Կը հայցեմ խոնարհ ցեղիս հատուցումը հաւատին,
Թող երկիրն իմ դառնայ հզօր ամրոց,
Բոյն մը՝ բեղուն ու բազմամարդ,
Տուն հրաւիրէ գրկաբա՜ց՝ իր զաւակները,
ուղեկորոյս ու թափառական։
Մի՞թէ շա՜տ է, Տէ՜ր,
Մաղթանքն իմ հոգեթով ու աղաչական։
Ազգերու անբարեհաճ սարդոստայնին մէջ,
մեր բերդը դարձուր անառի՜կ,
Մեր երգը թախծոտ
Թող վերածուի հպարտ երգի, բարձրաղաղակ։
Տարագրութիւն ու Եղեռն ապրած իմ ժողովուրդին,
Մի՞թէ բա՜ւ չէ, այսքան տարերք փոթորկոտ,
այսքան զրկա՜նք չարաչար։
Գէթ Անգամի մը համար,
Լսէ՜ նուաղկոտ աղօթքս, անմորմոք,
Ու շնորհքէդ տուր բաժին մը
Իմ տառապած, գայթակղած ցեղին,
Որ ան ապրի ազա՜տ ու խրո՜խտ՝
Իր սարերուն վրայ կարօտաբաղձ...։
2005