Եթէ
Եթէ չըլլար դժոխքի գաղափարը,
Մահը պիտի դառնար երանելի փոխընտրանք մը.
Հայրերը մեր ստեղծեր են զայն
Նպատակ մը պարտադրելու մեր գոյութեան...
Երանութիւնը՝ կարճատեւ, ակնթարթ մըն է լոկ,
Խաբուսիկ երեւոյթ մը միաժամանակ.
Տառապանքի ահագնութիւնը թաքցնելու
Որոշակի միջոցներ գտնուեր է հարկադրաբար:
Ազատութիւնը խօսք է մարդոց շրթներուն.
Մահուան մէջ է իրաւ ազատագրումը մարդուն.
Դարերու ընթացքին չիրականացուած վիճակ
Անկարելի որոնում մըն է ինքնանպատակ:
Մարդը գերին է գաղափարներուն զօրեղ,
Լծկան եզին զսպող գործիք մըն է շքեղ,
Այլընտրանք մը չգտնուելուն
Տուեր են զայն մարդուն՝ որոճալու...
1993