ԵԹԷ

Եթէ պահանջուի ինձմէ զոհել բոլոր օրերը կեանքիս,

Յանձնել զայն հովին ու մոռացութեան... հոգ չեմ ըներ.

Գէթ օ՜ր մը պահել կ’ուզեմ միայն ինծի,

Այն օրը, երբ մեր առաջին սէրը հիւսեցինք:

Եթէ պահանջուի ինձմէ մոռնալ բոլորին,

Թաղել յիշատակն անոնց... հոգ չեմ ըներ.

Գէթ մէ՜կը պահել կ’ուզեմ սրտիս մօտիկ,

Այդ դո՜ւն ես, ողջ իմաստը ցնորած կեանքիս:

Եթէ պահանջուի ինձմէ տալ միայն մէ՜կ անուն,

Ես պիտի յիշեմ քեʹզ, առանց վարանումի,

Եւ եթէ տրուի հրաժեշտ առնել միայն մէկէն,

Ես հրաժեշտ կ’ուզեմ առնել միայն քեզմէ՜, սիրելիս...:

1985