ԵՍ ԶԱՒԱԿՆ ԵՄ ԱՅՍ ԱՇԽԱՐՀԻՆ
Կը թաւալիս անդուլ հոգւոյս անդունդներուն,
Ինչպէս երեխան՝ մօր արգանդին.
Կը շրջապատես զիս ամէն քայլափոխի,
Մօր մը նման, ինչպէս արեւը՝ լուսնին։
Իմ յոյզերուն, սփոփանքներուն
եւ ափսոսանքի պահերուն,
Հայրենիք իմ հարազատ,
Դուն բառն ես հեզահամբոյր,
մրմունջն ես շրթնեղ,
սէ՜րն ես սրտայոյզ,
մտքիս թռիչքն ես եւ թիրախը միանգամայն։
Բայց միակը չես իմ սրտին, իմ հոգիին մէջ...
Չէ՞ որ ես զաւակն եմ նաեւ այս աշխարհին,
Տարածուած, ինչպէս Ծիր-Կաթին,
Սփիւռքի հովիտներուն անծայրածիր։
Չէ՞ որ իմ հայրենիքն է նաեւ՝ ա՜ն,
Այդ որդեգիր ծնողքս հարազատ,
Զոր պարտիմ սիրել գերազանցօրէն,-
Եւ ես կը սիրեմ անկասկած,-
Մօր մը նման զիս ծնած։
Բայց ինչպէ՞ս կիսեմ այս սէրը երկուորեակ,
Կայսեր տամ իր բաժինը, Տիրոջ՝ ի՜րը,
Ինչպէ՞ս ըլլամ անաչառ
ու միանգամայն արդա՜ր.
Գորդեան հանգոյց մըն է սա, հոգեմաշ,
Ճակատագիրն իմ տարագրի,
Որու անունը դրոշմուած է իմ անցագրի,
Իմ հոգիի, իմ մատեանի կաշիին վրայ
Սեւ տառերով գլխատառ։
Բայց չէ՞ որ ես զաւակն եմ նա՜եւ այս աշխարհի...
2011