ԵՍ ՈՒ ԴՈՒՆ
Չափազանց տխուր են մեր հոգիները այսօր,
Ու տարանջատ ուղիներով կ’երթան
Մեր քայլերը վհատ...
Զոհն ենք երկուքով, նախանձի կրքոտ քմայքին,
Որ հարուածով մը դաւադիր՝
Ջլատեց մեր մտերմութիւնը երբեմնի։
Ես ու դուն զո՜հն ենք դաւող խանդին իգական,
Որ չէր կրնար հանդուրժել փղձկումը արեւին՝
Երբ տաք շողերով կը թափանցէ ծմակ հոգիէն
ներս մարդուն։
Պիտի չցանկայի մատնել քեզ յուսաբեկումի խոր...
Խոնաւ ծղօտի մը նման ազազուն քու հոգին
Վշտացնել, ո՜հ կարելի չէ, որքան ալ դաժա՜ն թուէին
Խօսքերն իմ, ցասումի պահու արտասանուած։
Չափազանց թախծոտ է երկինքն այսօր մեր վերեւ...
Ու մռայլ՝ մեր սրտերը խոցուած ու ապստամբ.
Զոհն ենք մենք նախանձին, դաւին, անիրաւ խօսքին,
Վերջին մոհիկաններու նման՝
Կը ճեղքենք խարխափող քայլերով հորիզոնը հրակէզ,
Մեր հանդիպման կէտին ոգեղէն,
Ուր սպիտակին ցոլքը սպիտակն է միայն...
Ես ու դուն զո՜հն ենք քինախնդիր ոխին,
Որ չի հանդուրժէր գոյութիւնը սիրոյ հուրին,
Երբ գաղտնի ծերպերով թափանցէ ան
Հոգիէն ներս մարդուն։
Աւա՜ղ, ես մեղսակիցն էի նախանձ-դահիճին...
Մենք զոհն էինք ստոր ժամանակներու հեգնանքին... ։
2008