ԵՍ Կ’ԱՆԻԾԵՄ
Մեզի բախտ վիճակուած այս
Մեղկ պատերազմը ես կ’անիծեմ.
Թող անէծքն իմ բացատրուի
Իբրեւ ցասում,
Դառնութիւն,
Տառապանքի խեղդուկ ճիչ:
Մարդիկ կը կարծեն թէ կարելի՜ է
Համակերպիլ այս ճակատագրին,
Կը սպասեն անձկութեամբ
Վերջն այս զրկանքին ու վշտին,
Բայց վերջը երազանք մըն է ցանկալի,
Աւարտը՝ փափաք մը անկարելի,
Անվերջ, անդադրում այս տարերքը,
Այս ողջակիզումը մարդուն՝
Տենչանք մըն է տենդագին
Կորստեան ուղիները առաջնորդող,
Մահուան դռները «աւետող»...
Ես կ’անիծեմ այս վիճակը ողբալի,
Ինչ հոգ, որ անէծքն իմ
Արձագանգ մըն է դարէ դար...:
1989