ԵՐԹԸ ԽՐՈԽՏ
Դեւ մը կարծէք կը հալածէ
Իմ ցեղը՝ ցամաքամասէ ցամաքամաս.
Հրէշային ծրագիր մը
Երեւի վճռած է արմատախիլ ընել
Այս ցեղը, ու նետել մոռացութեան գոգը ամեհի.
Ուժ մը գերագոյն, անողոք վճիռով մը
Կ’ուզէ նենգ դաւ մը սարքել ցեղիս գլխուն,
Ապա հեռանալ կրկին
Անոր արեամբ յագեցած,
Անոր վշտերով յղփացած...
Մի՞թէ անիծեալ ցեղն ենք մենք
բոլոր ժամանակներու,
Այլապէս, ինչպէ՞ս բացատրել
Դաժան ու արիւնոտ հանգրուանները
մեր գոյութեան երթին.
Ինչպէ՞ս արտայայտել ցասումը մեր
Այն ահաւոր աղէտին որ հարուածեց
Հողն ու ժողովուրդը հայրենի,
Հարուածեց իմ ցեղը
Այլապէս տարտղնուած ու թափառական...
Կարծես բաւ չըլլար անցեալն անոր արիւնաքամ,
Կարծես բաւ չըլլար ցեղասպանութիւնը
միլիոն ու կէս զոհերու,
Կարծես բաւ չըլլային ջարդերը մերօրեայ
Սումկայիթի ու Կիրովապատի,
Ու հիմա բնութիւնն ալ կը հարուածէ մեզ,
Կարծես Աստուած ալ կ’ուզէ զոհել
Իր հարազատ որդին, խաչին հաւատարիմ...
Հայու ճակատագիրն է անփոփոխ, կրկնուող.
Զոհաբերութեան նոր բագիններ կը կանգնին ամէնուրեք,
Խաչքարեր կը բարձրանան հազարներով
Խաչքարեր՝ զոհերուն անգերեզման
անյիշատակ...
Նոր էջ մը սուգի, ողբի ու տառապանքի
Կը լեցնէ մեր պատմութեան հատորը կարմիր:
Մարդկային ճակատագիր...
Կը գլէ ու կը տանի ինչ կայ սիրելի,
Կը բնաջնջէ արժանաւորն ու անզօրը,
Հզօրին կամքին համակերպած...
Բայց սա վերջը չէ չորս հազարամեայ երթին,
Ո՜հ ոչ, երբէ՜ք:
Սա տխուր, կսկծալի հանգրուան մըն է միայն.
Պիտի կրկին յառնի իմ ցեղը հրաշք,
Պիտի նոր յուշարձաններ կանգնին երկնասլաց,
Նոր ծիծեռնակաբերդեր,
Նոր եկեղեցիներ պիտի ղօղանջեն
Յարութեան երգը հայուն
- տխուր բայց հպարտ -
Նոր հորիզոններ պիտի բացուին կրկին,
Ու աւետեն յաղթանակող երթը իմ խրոխտ ցեղին:
1988