ԵՐԿՈՒՆՔԸ ԲԱՌԻՆ
Զերդ քարանձաւ մը մեռեալ
Մտաւ գաղտագողի, ճգնաւորի մը նման երազկոտ,
իր պատեանին մէջ ինքնամփոփ
Մռայլ հոգւոյն աղօթքը հոն լո՜ւռ խնկարկելու։
Մութ քարանձաւին մէջ ծուարած, քուլայ-քուլայ,
կայծքարի հարուածներուն նման
Արծարծեց բա՜ռը սառնաշունչ
Աղջամուղջի լլկանքին ըղձակաթ։
Ու երկունքին մէջ եղերական,
Սարդոստայնի մը նման հիւսեց բառերը տարտամ,
դերձան առ դերձան
Իր յուզումներու,
Մաքառումներու
Եւ տագնապներու հիւսկէններով ագուցած.
Ու հոն բանտարկած իր մեծ ցա՜ւը գերմարդկային,
Դուրս եկաւ ազատագրուա՜ծ,
Դուրս եկաւ կենարար լոյսին երկրպագելու:
Իր հոգիի քարանձաւին մէջ ան միայնակ էր,
Բայց ազա՜տ չէր.
Ինքն էր ու իր խիղճը՝ որ կ’եռեւեփէր՝
Ինքնագոհ գուպարի մը մէջ ընդյատակեայ.
Դուրսը ան թէեւ ազա՜տ էր,
Բայց այլեւս ուրիշի՜ն էր,
Ողջակէզ գառնուկին նման։
2006
ԲԱԳԻՆ, ԽԵ. տարի, Յունիս 2007, Թիւ 2, էջ 24-25։