ԵՐԵԿՈՆԵՐՍ ՄԻՆԱԿ
Կը յանձնուիմ կրկին վշտերուս անողոք:
Երկունքի երեկոյ մը, յար եւ նման
Միապաղաղ երեկոներուս ներանձնական,
Ուր, շիթ առ շիթ,
Հոգիս կը յորդի թանձր վիշտերով, աղի արցունքով.
Մռայլ օրերու արձանագրութիւնը
կեանքի մատեանին վրայ
Սեւ էջեր ու տողեր կը ձգէ միայն:
Տառապանքի, ունայնի ապրումներու
Անձայն պատարագ մըն է, երկար ու տառապագին.
Մինչ սատանին կը յանձնենք հոգին ու խիղճը մեր,
հաւատքը՝ գալիք օրերուն,
Լոկ շնորհէ խաղաղութիւնն իր, մահասարսուռ,
Բարիքները՝ այս հողին ու աշխարհին...
Պարտուած ծնած մարդուն ի՜նչ յաւերժութիւն,
- Հեգնանք ու ծաղր միայն-
Թող կեցութեան մը կարճատեւ անդորրը
Ըլլայ բարիք հանապազորդ
Ու շնորհք՝ ողջակիզուող այս խե՜ղճ մարդկութեան...
Կը փակեմ աչքերս ողողուած,
Մարդկութեան ցաւերէն խոնջած.
Կը յանձնուիմ կրկին վիշտերուս անզօր.
Օ՜ր մըն ալ կ’աւարտի
Անաւարտ այս տռամին վարագոյրը չփակուած...:
1987