ԵՐԲ ԿԸ ԳՐԵՄ

Դուրս կը ժայթքեն` ինչպէս լաւայ հրակէզ,

Բոց ու մորմոք,

Վիշտ ու տագնապ՝

Երբ կը գրեմ։

Երազներն իմ կը մատնեն քեզ,

Ու դուն կը դառնաս համատարած մրմունջ

Սպիտակ լուսապաստառին վրայ համակարգիչիս՝

Երբ կը գրեմ։

Խռովայոյզ քու ոգին

Կը գտնէ կայք ու կայան.

Իր անհուն թռիչքին՝ հասցէ վերջնական։

Կը պայծառանայ դէմքդ աղօտ

Աղջամուղջին մէջ աշնանային,

Մարմին կ’առնէ մեր խարխափումը,

Անվերջ ու սիրակարօտ։

Մեր ճանապարհը կ’աւարտի կրկին,

Կէսգիշերային ժպիտին մէջ աստղածոր,

Ու մեր թռիչքը հանապազօրեայ

Կը մտնէ խոր քունի մը մէջ խորհրդաւոր։

2010