ԵՐԱԶՆԵՐԷՆ ԱՆԴԻՆ

Թաղել ժամանակը երազներուն մէջ

Ու ապրիլ լոկ այն պահը

Անցեալի, որ սիրոյ մարմնացումն է,

Կը մնայ իտէալ վիճակ մը,

Կապո՜յտ երազ մը պարզապէս:

Բայց երազներէն անդին,

Ո՞րն է միակ յաւերժն ու ճշմարիտը.

Այս աշխա՞րհը խե՜ղճ,

Թէ՞ ապագան անորոշ...

1985