ԵՐԱԶԻ ՄԸ ՆՄԱՆ
Բախտորոշ տեսիլքի մը նման
Կը յայտնուիս կրկին,
Որպէս ոգի աւետաբեր,
Որպէս նոր շունչ ձգողական.
Ձանձրալի ու տագնապահար
Աշխարհէս՝ զիս կը փոխադրես
Քու աշխարհդ նուիրական,
Ուր երա՜զն է միշտ ցնորական,
Սէրն է ջինջ ու բիւրեղ,
Ուր երկունքն է կրքոտ,
բայց առինքնող...
Տա՜ր զիս այս գիշեր,
անգամ մըն ալ.
Տա՜ր զիս աշխարհդ դիւթական,
իգական,
Տարտամ այս առօրեայէն հեռո՜ւ
Տար ծովափը լուսնկայ,
Սրբէ՜ ճակատն իմ հրավառ
Ու մկրտէ վայրագ ու աշխարհիկ սիրովդ,
Ուր սէր ու կիրք գիրկընդխառն,
Կը միաձուլուին վաղուան զոհաբերութեան...
Մթնշաղի անուրջներուս ընդմէջէն,
Օտարացած աշխարհիս մէջ, դուն
Կը պարզուիս որպէս նոր յոյսի ծնունդ,
Որպէս տենչ մը՝ բուռն,
հրամայական,
Տեսիլքդ ճառագայթող
Կը փարատէ գիշերիս անհունութիւնը ծա՜նր,
Սիրոյ հրայրքդ հրավառ
Ինծի կը շնորհէ երանութեան
նոր պահեր հոգեպարար...
1989