ԱՇԽԱՐՀՆ ՈՒ ԵՍ...

Մթագնած հորիզոնի երկնակամարին

Տակ նստած, կը դիտեմ մտամոլոր

Իմ շուրջս, որ հետզհետէ կը դառնայ խորթ,

Օտար աշխարհ մը ինծի համար:

Բաժին մըն էի անորմէ երբ կը թուէր

Ըլլալ արժէք, իմաստի մը վկան ոգեղէն.

Մասնիկն էի անոր, աննշան ու համեստ,

Հիմա անրջանք մըն է միայն,

Անցեալի աղջամուղջին մէջ կորած:

Անհուն ու աղօտ հորիզոնին դիմաց,

Անշուք անցեալի մը, մռայլ ապագայի մը դիմաց,

Ներկայի զոհասեղանին վրայ մերկ դրուած,

Կը սպասեմ գերագոյն վճիռին գործադրութեան:

Մթագնած հորիզոնին դիմաց հիմա,

Աշխարհն ու ես մտերիմներ չենք կարծես.

Աւելի քան երբէք հեռու ենք իրարմէ

Ինչպէս հեռու է մարդուն ազատագրումը

իր մեղքերէն...:

1989