ՄԵՐՕՐԵԱՅ ՅՈՒԴԱՅԻ ՈՐԴԻՆԵՐՈՒՆ…
Դժխեմ այն պահին,
Երբ սատանան գտաւ իր դաշնակիցը հաւատարիմ
Ի դիմաց Յուդա Իսկարիովտացիի,
Ահա այդ պահէն ասդին,
Ան դարձաւ պատուհաս մը իր նմանին՝ մարդուն,
Ու մարդը դարձաւ զոհը անոր վատոգի խարդաւանքին.
Այն օրէն ասդին, կը վխտան ամէնուրեք որդիները Յուդայի,
Կը դաւեն, կը դարպասեն, կը սպաննեն բարին ամէնուր,
Գիշերներուն մէջ անքուն, ցերեկներուն միշտ արթուն,
Անոնք իրենց նենգ գիր ու գործով ժահրաբոյն
Կը փորձեն քանդել ու աւարել ազնիւ հոգին մարդուն…
Անոնց, մերօրեայ այդ ընչաքաղցներուն,
Վատոգի այդ գրիչներուն,
Կարճ այս խօսքը՝ անէծքի, այլեւ՝
Զգաստութեան հրաւէր մը, ի խորոց սրտի, քեզի՜
Եղբա~յր ի Քրիստոս, հազա~ր մեղայ, ի՞նչ եղբայր…
_Դո~ւն, աղջամուղջին մէջ դարպասող երկչոտ ձայնը Կայէնի,
Որուն դարեր երկար պժգանքով կը նային
մարդիկ այս աշխարհի,
Պիտի անդուլ ճգնիս փշրելու կապանքներդ Արտաւազդի,
Բայց պիտի ստանաս միշտ՝
անէ՜ծքը այս աշխարհի ու քո՜ւ շրջապատի,
Ո՛հ, ինչ դա~ռն է, հաւատա՜, անէծքը քու եղբօր…
Դո~ւն որ տիւ ու գիշեր գիտես սփռել թոյն ու պալար,
Դո~ւն որ սուտը գիտես վերածել դրամագլուխի, ու
Վաճառել զայն շահոյթով, Կրեսոսի մը նման յղփացած,
Դո~ւն որ բարոյականութիւն կը քարոզես,
մեղքերու մէջ կլանուած,
Դո~ւն որ գրիչ կը շարժես՝ սերունդեր կրթելու,
Զոհերուդ ուրուականները կը խարխափեն փողոցները,
Անյո~յս, օրն ի բուն…
Քու գրիչը մաղձ է, խծբծանք, թոյն ու խաբէութիւն,
Քու լեզուն անպիտան, որոգայթ է անողորմ,
Քու հոգին ֆրոյտեան բարդոյթներու բոյն է երփներան•,
Քու աչքերը մահուան խանծող վճիռ են այլուր,
Եւ դո~ւն, միջնադարու խաւարամիտ, խեղճուկ
կերպար մը՝ խելագար մարդու,
Դո~ւն, մարդկային ողբերգութիւնն ես ինքնին,
Անէծքն Աստուծոյ իր ստեղծած կերպարին,
Կ'աճի, օրըստօրէ յագեցած, իր մեղքերով հրէշային։
Կեանքի ուղին դուն չես ճշդեր, հաւատա՜,
Թագաւորներ գահի նստեցնել կամ հանել
քու գո~րծը չէ, տխմա~ր մարդուկ,
Մարդոց գիտակցութիւնն ալ կարճատեւ չի կրնար մնալ,
Ի~նչ խօսք որ քեզի նման որոմացան հրէշներու
Լարախաղացութիւնը՝ պիտի աւարտի դառնաղէտ անկումով,
Բայց աւա~ղ, անոր վիրաւորանքը ընդ երկար պիտի յամենայ…
Պիտի կրենք զայն դառնաժպիտ հառաչանքով,
աւարտա~ծ քոշմարի մը սփոփանքով,
Բայց դո~ւն, վարձահատոյց պիտի մնաս դաժան դատաստանիդ,
սոփեստ բախտագուշակ…։