ՆԱՄԱԿ ՕՏԱՐ ԲԱՐԵԿԱՄՈՒՀԻԻՍ
Կը գրեմ քեզի, սիրելիս,
Երկրէն՝ ուր մայրիները բիբլիական
կու լան արցունք անմխիթար,
Ուր հրաշքը փիւնիկի՝ վաղուց յո՜ւշ է դարձած,
Ուր կռունկները գարունի ետ չեն դառնար,
Կ’ոստոստեն անհոգ ձեր ծառերուն վրայ
մշտադալար։
Կը գրեմ քեզի, սիրելիս,
Նաւերուն մասին ծանրաբեռ՝
Որոնք կը մեկնին յամրընթաց ամէն գիշեր,
Օդէն, ծովէն ու ցամաքէն,
Մարդոց մասին՝ որ կորսնցուցած ղեկ եւ ուղղութիւն՝
Կ’առաջնորդուին դէպի մահացու յուսահատութիւն...
Կը գրեմ քեզի տարերքին մասին ողբերգական,
Որ սկիզբ չունի ոչ ալ վախճան
սօֆթ օփերայի մը նման...
Ուր դերակատարները յաճախ կը փոխուին,
Բայց թեման միշտ նո՜յնն է,
մա´րդն է տագնապահար...
Հոն կան կիրք, եսի պայքար,
Հոն կան սէ՜ր, ատելութի՜ւն,
Հոն կան դաւաճանութիւն,
դաւադրութիւն ու ո՜խ մահացու,
Կայ մահ, կայ ծնունդ,
Կան բանակռիւ ու ինքնասպանութիւն...
Իմ երկրին մէջ կայ միշտ խունկի ծուխ,
մահուան կսկիծ,
աղօթք-աղերս,
Կան մայրեր դառնացած ու հեղուող արեան բո՜յր....
Փոքր այս երկիրը դրախտային,
Զոհն է միշտ օտարի դաւին,
Երէկի դրախտն այս, դիւթական,
Այսօր, օտարին գարշապարին տակ
կոխկռտուած, կը տնքա՜յ,
Ատելութեան գուպարի մը մէջ մխրճուած.
Ուր, հաւատքն ու կրօնքը՝ տաճարներու թէ
մզկիթներու մէջ կը պղծուի՜ն, անխնայ.
Ուր, կին թէ ամուսին, կը դաւաճանեն իրարու,
դոյզն ամօթէ զուրկ,
Ուր աղջիկները՝ մերկահրապոյր,
Իրենց մարմինները կը վաճառեն օտար,
Շռայլ այցելուներուն՝ պանդոկներու մէջ հարեմանման...
Տխո՜ւր է գրածս, սիրելիս, բայց իրական...
Տխուր այս սօֆթ օփերան, աւա՜ղ,
դեռ երկար պիտի շարունակուի...
2006