ՀՈԳՒՈՅՍ ԱԼԵԿՈԾ ԱՓԵՐՈՒՆ

Կը թեւածէ Ոգի՜դ հոգւոյս ալեկոծ ափերուն,

Կարծես վերջին լաստն ըլլայի քու մենաւոր յոյզերուն,

Մտիր յուշիկ իմ աշխարհէն ներս այս իրիկուն

Թեւ տուր մոռցուած քնարիս թախծոտ լարերուն.

Երէկը` այսօրն է մեր անուրջներուն մէջ յղի,

Այսօրը` վերջին առիթն է մեր բոլոր խայծերուն,

Եկո՜ւր ներս ինչպէս ճամբորդ մը անցողակի՝

Միաբնակ օթեւանէն ներս իմ սիրատարփ հոգւոյն։

Դուրսը աշխարհն է գազազած ու անագորոյն,

Իմ հոգին ափ մըն է անցեալի ուղեկորոյս նաւերուն,

Կայք առ երա՜զ, գիշեր մը՝ սիրոյս բախտաբեր ափերուն

Ու վկայէ անթիւ աստղերու երանգները ծիածնագոյն։

Դուրսը աշխարհն է գազազած ու անագորոյն,

Մտիր յուշիկ իմ աշխարհէն ներս այս իրիկուն,

Այսօրը վերջին առիթն է մեր բոլոր խայծերուն...։

2004