ՈՂՋԱԿԻԶՈՒՈՂ ՔԱՂԱՔԻՆ ՕՐԱԳՐԷՆ

Ո՜հ, պիտի գար սերմերէն չարիքի

Նոր պատերազմ մը աղէտալի

Ու պոկէր յոյսե՜րը վերջին՝

այս ողջակիզուող քաղաքին.

Պիտի գային անպայման

Մահուան ու սարսափի կսկիծները կրկին

Ու արիւնէին քաղաքին պալարը չցամքած։

Կրկին աւեր ու աւերակ.

Կրկին մահ ու արցունք համատարած.

Նոյն թանձր վիշտն է՝

առաւել ահագնացած ու խորացած։

Ո՜հ, ի՞նչ մնաց երազներէն մանուկին,

որ անփառունակ չփշրուեցաւ.

Ի՜նչ մնաց գարուն հայցող մատղաշ պարմանիներու

Աչքերուն մէջ՝ որ առ յաւէտ չքանդուեցաւ,

Եթէ ոչ՝

Բարձրայարկ շէնքի, րոպէի մը մէջ փոշիացող,

Իր ընդերքին մէջ, տասնեակներու մսակոյտը թաղած

Ահաւոր պատկերի մը սարսռացնող տեսիլքը միայն.

Կամ՝

Գահավէժ փլուզուող կամուրջներու տեսարանը ահեղ,

Որ քանդեց աշխարհին կապող ուղիները անդարձ,

Նախիրի մը նման բանտարկելով ժողովուրդ մը համակ։

Ի՞նչ մնաց շէնշող, լուսավառ աւաններէն ու գիւղերէն,

Բացի քարակոյտերու վերածուած աւերակներէն,

Ի՜նչ մնաց ցկեանս դատապարտուած մարդուն՝

Բացի դառնութենէն ու անվերջ տառապանքէն.

Ի՞նչ մնաց արեւելքի մարդուն,

Կեղծիքէն, խաբկանքէն ու սուտէն բացի,

Ամէն օր բանտարկեալին հրամցուող

Շարունակ նոյն ճաշատեսակին նման։

Ո՜հ, պիտի գար նոր պատերազմ մը անկասկած,

Երկրաշարժի մը նման քանդելու մարդուն կերտածը հոգեհարազատ

Ու մարելու խաւարին մէջ առկայծ անոր ջահը վերջին ...

Ո´չ սկիզբն էր ան, ոչ ալ վերջինը՝ անկասկած։

* * *

Հասան ամպերը մառախլապատ,

Թէժ պատերազմի որոտումին հետ,

Կռունկները հագան պատմուճանը փախուստի,

Մեկնեցան արծաթափայլ ջուրերուն վրայէն

Հեռուները՝ առանց հրաժեշտի վերջին.

Մեկնեցան նաւերով, երազներ խեղդած մարդիկ,

Ահ ու սարսափի հոգեկան եղերերգով,

Իրենց վերջին նայուածքները յառած՝

Ողջակիզուող քաղաքին՝ սուգի մատնուած,

Անոնք ալ գացին նախորդներուն նման՝

Լքած իրենց տուները տաքուկ ու հարազատ,

Գացին մոռացութեան գիրկը որպէս վտարանդի ու աքսորուած՝

Նոր հայրենիքի մը որոնումով, ակամայ...

* * *

Մնացողները...

Շփոթահար ու լքուած խլեակներու նման,

Կործանիչներու որոտընդոստ հարուածներուն տակ՝

Շշմա՜ծ, ապրեցան խօլական լլկումը՝

Իրենց մարդկային արժանապատուութեան,

Մորթուելու հերթի սպասող գառնուկներու ճակատագրին ենթակայ,

Մղձաւանջի մը մէջ, ուր րոպէները դարի էին նման,

Ուր ցերեկը աղջամուղջին մէջ անյոյս էր կորած...

* * *

Անձկութիւնը պատած էր հորիզոնը մթագնած ...

Դաւադրութեան գինը կը վճարուէր գիշերին մէջ թէժ.

Հարիւրաւոր դիակներու ժահրը կար սփռուած,

Քարուքանդ գիւղեր շարժուն պաստառներուն վրայ,

լաթերու նման էին փռուած,

Ճակտի քրտինքով կերտուած տուներ գետնին էին հաւասարած...

Ու կար գալիքը,... որ գուցէ եղածն ալ գլէր ու տանէր անվերադարձ...

Ահաւորն ա´յն էր սակայն,

Որ դարանակալ միւսներո՜ւն պատերազմն էր ասիկա.

Ահաւորն ա´յն էր նաեւ,

Որ այս երկրին մէջ տարանջատուած ու բզկտուած,

Դաս պիտի երբէք չառնեն

Ցիրուցան ամբոխները՝ այլամերժ ու եսապաշտ,

Պիտի վաղը կրկին մասնակից դառնան

Նոյն ողբերգական խաղին՝ խաբէական,

Գովերգեն իրենց հերոսները ընչաքաղց

Ու լկտիացած կնոջ մը նման՝

Բռնաբարուին ինքնակամ ու կրկին անգամ։

Ինչքա՜ն աժան է հայրենիքը անոնց համար...

Կը վաճառեն ու պիտի դեռ միշտ վաճառեն զայն,

պազարին մէջ կիրակնօրեայ,

Ամէն օր, օրը հազար անգամ եւ անամօթաբար...

* * *

Տարատեսակ ամբոխներ ու մարդիկ...

Հակադիր բեւեռներ՝ տարօրէն այլամերժ,

Կը գովերգեն իրենց նո՜յն աստուածները հնաւանդ,

Կառափնարան գացող դատապարտեալին նման՝

Կ’երթան դահիճին գիրկը ինքնակամ.

Մինչ... բոցն ու պողպատը կը կրծեն նոր զոհերու միսը...

Ու հաւաքական գերեզմաններ կը փորուին

Շտապ թաղելու բզկտուած մսակոյտերը արիւնաթաթախ։

Անդին՝

Խելագարած ամբոխներ կը գրոհեն Ազգերու Լիկայի

Շէնքը՝ քանդելու վանտալ մաղձով մը յագեցած,

Ի դիմաց Կանայի վայրագ ու անմարդկային ոճիրին,

Ուր ‎մութ դաւադրութեան մը մատնահետքեր կ’երեւին...

* * *

Գողգոթան Նազովրեցի Յիսուսի մէկ օր էր միայն,

Իսկ այս երկրի մարդոց գողգոթան կը շարունակուի,

Չունի վերջ ու վերջնական հանգրուան,

Քանի կ’ապրին, պիտի շարունակուի անոնց գողգոթան

Ամէն օր բազում անգամ...

Սգահանդէսներ բազմամարդ պիտի սարքուին

Պաալպէքի շքեղ փառատօններուն նման,

Խաբէութեան մրցոյթի մը արշաւն ըլլար կարծես։

Ո՜հ, պիտի գար սերմերէն չարիքի

Ու մեղքերէն անհամար

Նոր պատերազմ մը աղէտալի

Ու սփռէր մահ ու աւեր համատարած,

Սփռէր վիշտ ու սարսափ

Ու գերեզմաններ՝ անհամար...

Տարածէր պիտի յուսալքում մը համատարած՝

Որու աւերները շատ խո՜րն են ու հեռակայ...

* * *

Պիտի ըսեն.- կը վերականգնենք նորէն քարն ու տունը՝

ինչպէս միշտ,

Կը շինենք կրկին՝ ա՜լ աւելի շքեղ ու փարթամ.

- Կրկի՜ն կը ծագի արեւը, հաւատացէ´ք, աւելի հզօ՜ր,

աւելի պայծա՜ռ։

Բայց ո՞վ պիտի ողբայ անմեղ մանուկներուն կորուստը անդարձ.

Ո՜վ պիտի բացատրէ մայրերուն նպատակը՝

Որուն համար իրենց անմեղ սիրելիները զոհուեցան.

Ինչպէ՞ս արդարացնել կրծող կսկիծը անոնց հոգիին,

Ու ներշնչել հաւա՜տք կեանքի՝ ուր սիրելիներն իրենց

ետ պիտի չգա՜ն.

Ինչպէ՞ս պիտի կարենան մոռցնել ցա՜ւը, որ

ընդմիշտ պիտի կոտտայ...

Ինչպէ՞ս վերականգնեն յո՜յսը, որ փոշիի նման չքացաւ...

Ո՜հ, կրկին պիտի ելլեն բարբարոս կեղծաւորները փիւնիկի նման,

Ու քարոզեն իրենց կեղծ աւետարաններէն յաղթութեան,

Իրենց մղած մարտերը շեփորեն որպէս յաղթանակ

Ու մոռցնեն մարդոց իրենց պարտութիւնները անփառունակ։

Շա՜տ են անոնք այս հին քաղաքին մէջ, տզրուկի նման,

Կ’աճին ու կը յղփանան տկարին արիւնով անմխիթար,

Կը շահագործեն մեռելները՝ իրենց գոյութեան փառաբանման:

- Ճշմարտութի´ւնը ըսէք մարդոց,

թէկուզ լեղի թոյնի է նման,

Բաւ է չարչարանքը որուն մէջ սերունդներ

կը հիւծին ինքնակործան...

2006