Ե՞ՐԲ ԵՒ Ո՞ՒՐ
Ըսէ´ք ինծի՝ ե՞րբ եւ ո՞ւր
Հոգին մարդուն պիտի գտնէ
Իր անդորրը մնայուն.
Ե՞րբ պիտի խաղաղին ալիքները ծովուն,
Ե՞րբ պիտի լռեն շառաչները անհուն
Ի´ր ալեկոծ ծովուն:
Պճեղ մը սիրտ տրուած է մարդուն,
Բայց ան շալկած է հեղեղ մը ցաւ անհուն,
Տրուած են համրուած օրեր անկայուն,
Ու կը սպասուի որ գործէ հրաշք գերագոյն:
Ռոպոթի նման նետուած գիրկը աշխարհին,
Կը տարուբերի ճօճանակի նման մշտարթուն,
Կը ցատկռտէ, կը վազէ, կը քալէ ետ ու առաջ,
Ապա կը նետուի թափօնի նման իր տան ետին:
Ըսէ´ք ինծի՝ ինչո՞ւ այս խաղը անհրապոյր
Իր ճակատագի՜րն է եղած դարերէն հնագոյն,
Ի՞նչ նպատակի մը գերագոյն
Կը ծառայէ տուայտանքը հէ´ք մարդուն:
Ըսէ´ք ինծի՝ ե՞րբ եւ ո՞ւր
Կանգ պիտի առնէ այս զաւե՜շտը տխուր....
2010
ԲԱԳԻՆ, ԽԹ. տարի, Յունուար-Մարտ 2011, թիւ 1, էջ 31։