ԴՈՒՆ ԳԻՏԵ՞Ս

Դուն գիտե՞ս, սիրելի՜ս,

Թէ սփոփանքի խօսքերն իմ

Յաճախակի կերպով արտասանուած,

Իսկութենէ պարպուած

Խօսքեր են եղած լոկ,

Ահաւոր իմ ներաշխարհս ծածկող.

Գիտե՞ս նաեւ,

Թէ տագնապող իմ աշխարհը,

Իմ խռոված հոգին,

Փակ մատեան մըն է եղած

միշտ բոլորին դիմաց:

Գուցէ միշտ վառ ու պայծառ գոյներով

Ուրուագծած եմ կեանքիս պաստառը.

Փխրուն ու անթեղուած իմ ներաշխարհը

Գուցէ երբէք չեմ դիմակազերծած

Իր ամբողջական մերկութեամբ:

Իրողութիւնն ա՜յն է, սիրելի՜ս,

Որ ահաւոր վախն է

Միշտ բոյն դրած հոգիիս մէջ.

Իրողութիւնն ա՜յն է, սիրելի՜ս,

Որ գոյութեանս մէջ հոգեմաշ,

Հազարումէկ հարցադրումներ

Անբաժան ուղեկիցներ են եղած,

Ու կը մնան տակաւին:

Դուն գիտե՞ս, սիրելի՜ս,

Թէ իմ հոգիին մէջ քաոսային, միշտ

Քու տեսիլքն է զիս ամուր բռնած

Այսքան ժամանակ,

Բայց ափսո՜ս,

Այդ եւս խոստովանելո՜ւ,

ընդունելո՜ւ

Քաջութիւնը երբէք չեմ ունեցած:

1993