DIVINE
Փնտռեցի բառեր քեզ պատկերելու՝
բոլոր բառարաններուն մէջ հաստափոր։
Չգտայ սակայն բառ մը՝ որ ըլլար
իրական,
ամբողջական,
ազնուական։
Պեղեցի ներսս բոլոր բառերը՝
կնամեծար
Զորս լսած կամ որոնց հանդիպած ըլլամ,
Բայց չգտայ աւա՜ղ
Բառ մը՝ որ ըլլար՝
նուիրական,
վաւերական,
հարազատ։
Անանուն կին մը եղար մտքերուս մէջ անճրկած,
Անրջային միանձնուհին օտարական,
Մինչեւ որ անյայտ ձեռք մը գրեց
Պաստառիս վրայ քու անունը կարճ՝
Divine...
2005