ԴԱՒԱՆԱՆՔ

Հաւատք մը մեծ զիս կը կապէ այս երկրին.

Հաւատք մը խոր զիս կը զօդէ այս կեանքին.

Կեանքի դժուար հանգրուաններուն մէջ իսկ

Տեսնելու լոյսի նոր շո՜ղ մը բախտորոշ…:

Երազ մը վեհ զիս կը հալածէ ամէն գիշեր.

Մղում մը բուռն զիս կը յուզէ տիւ ու գիշեր.

Ըմբոշխնելու կենաց բաժակը ցմրուր,

Կտակելու արժանի գոր՜ծ մը յաւերժական…:

1985