ԴԱՌՆՈՒԹԻՒՆ

Դառնացած եմ աշխարհէն,

Մարդոցմէն,

Սիրելիներէ երբեմնի.

Դառնացամ եմ,

Անձնասէր ըլլալու աստիճան,

Բոլորը մոռնալու չափ.

Դառնացած եմ,

Անձս զոհելու գնով.

Ուրիշը սիրելուս համար.

Դառնացած եմ,

Ուրիշը չցաւցուցած չըլլալուն՝

Արժէք տուած ըլլալուս համար.

Դառնացած եմ՝

Կեղծիքէն,

Կասկածէն,

Բամբասանքէն

Խոցուած ըլլալուս համար.

Դառնացած եմ՝

Սեւին սեւ ու տգէտին տգէտ

Ըսած չըլլալուն համար.

Դառնացած եմ՝

Նոր էջ մը բանալու վճռակամութեամբ.

Դառնացած եմ գալիքէն,

Զայն չհասկնալուս համար.

Դառնացած եմ անդառնալիօրէն...

2012