ԴԱՐ ՄԸ ԵՏՔ
Մէկուկէս միլիոն Նահատակներու յիշատակին
Ահաւասիկ դար մը ետք,
Դո´ւք, նահատակներդ Մեծ Սպանդին,
Պիտի վկայակոչուիք նահատակ սուրբեր,
Ու խորաններէն սրբազան
Պիտի երգուին քաղցր շարականներ հոգեպարար,
Պիտի դառնաք մարտիրոսներ հաւատքի, վկաներ`յոյսի.
Գուցէ երկնային անդաստանին մէջ՝
Ձեր հոգիները խաղաղին, զուլալ գիշերին հեշտութեամբ,
Գուցէ ներէ՜ք դուք ձեր դահիճին անողոք,
Աստուածահաճոյ առաքինութեամբ մը գերբնական.
Արարք, որ գուցէ խանձած աւազները Տէր Զօրի՝
Ոռոգեն ձեր արտասուքով վերջին,
Ու խաղաղութեան օրհնեալ հասկեր սերմանեն
Երբեմնի մոլագար դաշտերուն:
Դո՜ւք,
Մեծ Սպանդին յաւերժ վկաներ, զոհերը կենդանի,
Պիտի դիտէք անհուններէն երկնային,
Ձեր դահիճին խռովքն ու ծիծաղը հեգնական.
Գուցէ ձեր սրբացումը մոռացութեան սերմեր ցանէ
Նոր սերունդներու հոգիներուն մէջ, կամ զինաթափումի,
Ներումի հոգեվիճակներ արծարծէ:
Պիտի յուսա´ն ու տենչան իրաւամբ:
Բայց յիշողութեան ու զգաստութեան բեմերէն բոցավառ
ու սեղաններէն սրբազան
Կ’ուխտենք, սրբազան նահատակներ մեր ազգի,
Որ դար մը ետք, մենք պիտի չներե´նք դահիճին,
Որովհետեւ մեր երգը ծարաւն ունի
Հայրենիքի ու անոր վրէժին՝ դար մը երկար...
Որովհետեւ մեր երգը կիզող ցաւն է մեր
կորուստներուն անհամար:
Մենք պիտի թակենք ամէն օր ու ժամ դուռը ոսոխին,
Որ ուրացման, նորոգ խարդաւանքներով ցնորական,
Կը շարունակէ հայուն Ցեղասպանութիւնը ուրանալ,
Թուրք բարբարոս ցեղի խորամանկ հնարքներով,
Ձիթենիի ոստ ձեռքին, աղաւնիի պատմուճանը հագած:
Պիտի փորձեն ու ձգտին անվհատ:
Իսկ մենք, օ՜հ ո´չ,
Մենք պիտի յիշենք միշտ, յիշեցնենք ու պահանջենք
Գինը ձեր արեան անսակարկ, ձեր սպանդին հրէշային,
Կորուստը մեր հայրենի հողին, որ կը տնքայ տակաւին...
Ո´չ, մենք պիտի չներենք, պիտի ապրի´նք յիշելու յաւերժ,
Պիտի ապրիʹնք, ձեր դա՜ր մը ցաւին ու ողբին համար,
Պիտի ապրիʹնք պահանջատէր Արարատին սեւեռած,
Պիտի ապրիʹնք տեսնելու պսակումը Մեծ Երազին,
Երբ ձեր հոգիները հանգչին Անոր սրբազան լանջերուն.
Պիտի ապրինք դեռ աւելիʹն, դա՜ր ու դարեր,
Ձեր պատգամին ուխտակիր...
Ձեր տենչերուն միշտ կառչած...
2015
ԲԱԳԻՆ, Յունուար-Մարտ 2015, Թիւ 1, էջ 40-41: