ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ ՀԱՐՍԱՆԻՔԸ
Քալեցին անոնք հազարներով,
փողոցներէն հեռակայ
հագած կարմիր ու ճերմակ
Հարսանիքի գացողի նման սուրացին առաջ
Անկախութեան դրօշը պարզած իջան հրապարակ.
Ազատութի՜ւն... անկախութի՜ւն գոռացին,
- Ալ բա´ւ է այսքան ստրկութի՜ւն,
գերութիւն օտարին, թէկուզ եղբա՜յր...
Եկան անխտիր բոլոր աւաններէն ու գիւղերէն,
Եկան կին, մարդ, ծեր, երեխայ ու երիտասարդ,
Քալեցին մէկ մարդու պէս թափօրին մէջ ծովածաւալ,
Արդարութիւնը վերածած գերագոյն նպատակի։
Հայրենիքի սիրով գինովցած տողանցեցին անվախ,
Անցեալի արուեստական, անհեթեթ պառակտումները
Մէկդի դրած, քալեցին մահ ու վտանգ արհամարհած,
Իրենց կուրծքերը ցցած որպէս թիրախ, մեծ
Ու ղեկավար, հայրենիքի սիրոյն նետուեցան դաշտ՝
Առաջնորդելու ամբոխը գերագոյն յաղթանակի։
Յարութեան հարսանի՜քն է հոգեպարար.
Արեան գնով շահուած իրա՜ւ ազատութեան երթն է՝
Կը գլէ երկչոտ կոչերը, հրաւէրները զգաստութեան,
Անկախութեան կերտման վճռական պահն է, յիրաւի:
Կը քալէ ամբոխը դէպի Նահատակաց Հրապարակ,
Ուխտած հաւատարիմ մնալ նահատակներու երազին,
Կ’երթայ ինքնավստահ՝ որեւէ ժամանակ աւելի,
Դէպի վերջնական յաղթանակ...։
2005