ՀԱՅ ՄԱՅՐԵՐՈՒՆ...
Մեր երբեմնի երակներէն հպարտ ու
բջիջներէն մաքրամաքուր
Կը հոսի հիմա սեւ արիւն մոլագար,
Կը պալարուին ախտեր կործանարար...
Ողբա՜մ ձեզ, հա´յ մայրեր,
Դո՜ւք... ընտրանին իմ ցեղին
ու հրաշքը դարէ դար,
Հրաշք, որ կոփեց սերունդներ հայկազեան
Գիրի, հաւատքի, խունկի քուրային մէջ,
Կերտեց ազնիւն ու բարին
Ու առաջնորդեց մեզ
Մեր նուիրական ճակատագրին ընդառաջ...
Դո՜ւք...
Մատղաշ սերունդներուն ճամբան լոյսի,
Անմար ջահը Լուսաւորչի հաւատքին,
Աւազներու վրայ մեսրոպեան շո՜ւնչը անջնջելի...
Մա՜յրը զոհաբերութեան ու դարբինը ցեղին...
Ողբա՜մ ձեզ, հա´յ մայրեր...
Ո՜ւր կ’առաջնորդէք անմխիթար սերունդները մեր,
Միթէ նոր օրերու հովերո՞ւն դժխեմ,
Թէ՞՝ թմրութեան զգայազիրկ թմբիրին,
Երջանկութեան խաբկանքի քօղին տակ:
Ո՞ւր թաղեցիք հպարտութիւնը մեր գերադաս,
Ո՜ւր կ’առաջնորդէք ամբոխն այս տժգոյն,
Տխեղծ բարքերու, աննպատակ հորիզոններու
մոլորեցնող կածաններն ի վար...
Ողբա՜մ ձեզ, կորուսեալ ոչխարներուն համար,
Որ կ’երթան ինքնակամ, մոռացութեան ուղիներով...
Ողբա՜մ ձեզ, ամէն օր, ամէն ժամ,
Իմացեալ մահուան՝ որու ռահվիրաներն էք հիմա դուք...
Իջէ´ք փողոց, մայրեր շուար ու մոլար,
Փնտռեցէ´ք ձեր որդիները կորուսեալ,
Տուն բերէք զանոնք օտարացման որոգայթներէն...
Տուն բերէ´ք հայուն հպարտութիւնը խոշտանգուած...:
2009
ԿԱՄԱՐ, Թիւ 8-2009, էջ 33։