ՊԻՏԻ ՀԱԼԱԾԷ ՁԵԶ ՄԵՐ ԱՆԷԾՔԸ
Ուրացումի, սուտի ձեր ջղագար մոլուցքին,
Նենգ ու գոռոզ կրքոտ հեւքին մէջ,
Կը հալածէ ձեզ Հայուն անէ՜ծքը՝
Սարսափազդու ուրուականի մը նման։
Ո՜վ թուրքեր,
Լսեցէ´ք մեր պատգամը ձեզի, որպէս ուխտ նորոգուած,
Ու շարունակեցէք հաւատալ՝ որ զո՜ւր է մեր կռիւը...
Փորձեցէ´ք երկար թաղել ճշմարտութիւնը՝ եթէ կրնաք.
Փորձեցէ´ք ապարդիւն լռեցնել խիղճը մարդկութեան՝
Դարու Ոճիրին՝ ձեր հնարքներով մաքիաւելեան։
Պիտի չյաջողիք թաղել անցեալը Տէր Զօրի աւազին տակ։
Հայուն անէծքը պիտի հալածէ ձեզ անընդմէջ,
Ամէնուրեք, պումերանկի մը նման,
Ճշմարտութիւնը պիտի պայթի ձեր սկրթած երեսին,
Խոնարհեցնէ ձեր գորոզ գլուխը՝ խանձող աւազներու,
Անգերեզման նահատակներու աճիւններուն վրայ։
Փորձեցէ´ք թաղե՜լ ամօթը՝ ձեր մոխրացած հոգիներուն
Խորքը, եթէ կրնաք։
Փորձեցէ´ք ուրանալ խաղաղասէր ողջ ցեղ մը
Բնաջնջելու, պապենական իր հայրենիքէն արմատախիլ
Ընելու ձեր հրէշային ոճիրը, եթէ կրնաք։
Պիտի փորձէք շա՜տ,
Պիտի ճգնիք երկա՜ր,
Պիտի ուրանաք անընդհատ,
Վաղ թէ ուշ պիտի վճարէ´ք սուղ գի՜նը, գիտէ՞ք ինչո՜ւ։
Որովհետեւ Հայը չի՜ մոռնար իր պատմութիւնը...
Որովհետեւ Հայը չի՜ մոռնար իր նահատակները...
Պիտի չմոռնա՜յ Տէր Զօրի անապատները...
Պիտի հալածէ՜ ձեզ մինչեւ դժոխքին դուռը...
Մինչեւ որ ընդունիք ձեր ցեղասպան անցեալը...
Կը լսեմ ղօղա՜նջը Տէր Զօրի անապատներէն թեւածող,
Կը տեսնեմ աւազներէն յարնող խլեակներու
Ընձիւղները՝ Ծիծեռնակաբերդէն մինչեւ հեռաւոր ափեր,
Պայքարի դրօշը պարզած՝ կ’ընթանան յառաջ,
Պահանջելով արդարութիւնը անթեղուած,
Պահանջելով գի´նը իրենց պապերու թանկ արեան։
Ո՜վ թուրք ժողովուրդ, եղիր վստա´հ,
Պիտի հալածէ քեզ հայուն անէծքը մինչեւ գերեզման...։
2005