ՆԿԱՐԻԴ ՀԵՇՏԱՆՔԸ

Գծեցի շրջանակ մայրամուտի շողերով,

Ու նկարդ զետեղեցի անոր մէջ՝ գգուանքով։

Նկարդ գերեց զիս, իսկ շողերը

Դարձան վարս, շպար եւ հրապոյր։

Սուզուեցայ անոր խորքերը, ու նկարդ՝

Ջրաղացի նման, յեղաշրջեց իմ հոգին,

Յուզեց զիս, յիմարաբար, կարօտիդ տենդով։

Այնուհետեւ, դարձար ներշնչում,

դարձար ապրում,

Եղար ամէնօրեայ յաճախանք եւ յուզում,

Եղար ինծի խոնջէնք անվերադարձ ուղիներու,

Որ ունի իր ետին՝ բորբոք յիշատակ քաղցրաբոյր.

Նկարդ առի մտորումներուս շրջագծին մէջ,

Հաճելի յաճախանքի մը պէս գնաց հեռու

Գիշերուան աղջամուղջին մէջ, անհաս,

Ու առաւօտեան արեւու շողերուն հետ հպեցաւ

Դէմքիս՝ համբոյրով մը թաց ու քնքուշ։

2010

ԲԱԳԻՆ, ԽԸ. տարի, Ապրիլ-Յունիս 2010, Թիւ 2, էջ 29։