ՃԻՉ ՄԸ ԿՈՐՍՈՒԱԾ

Ո՜հ, անգամի մը համար, դադրեցուցէ՜ք

Ճչակի ձայները խելացնոր,

Գուցէ մեր ականջները խլացած՝

Գտնեն իրենց շնչասպառ ձայնի արձագանգը կորսուած։

Այս քաոսին մէջ ամէնօրեայ,

մեր ջիղերը զսպանակուած՝

Կը տենչան անդո՜րրը գիշերուան,

նոյնպէս բռնաբարուած.

Այս քաղաքին մէջ յագեցած՝

անօրէնութեամբ, տգիտութեամբ,

Փողոցի մշակոյթը դարձած է տիրական նորմը

սանձարձակ։

Ո՜հ, անգամի մը համար, դադրեցէք շնչելէ՜,

Որպէսզի աղմուկը ձեր թոքերուն՝

չխլացնեն մեր մտքերը նեարդացած,

Այսքան վայնասուն՝ անասուններուն իսկ չէ արտօնուած,

Բայց կարծէք մարդ-անասունին՝

բարքն ու նկարագիրն է դարձած։

Այս ժխորին մէջ ամէնօրեայ, գերին ենք՝

հասարակ յայտարարներուն,

Ձորին մէջ սխալ բուսած ծառին նման, մինակ.

Այս քաղաքին մէջ ապաբարոյ, արժէքներէ պարպուած,

Մարդը ինկած է տգիտութեան խորխորատները խաւար։

Ո՜հ, անգամի մը համար միայն, խնայեցէ՜ք մեզի...։

2003