ՃԵՆՃԵՐՈՂ ԸՂՁԱՆՔ
Ներշնչանքիս ընչաքաղց կոտտումին հարազատ՝
Ինչպէս միշտ, նաեւ հիմա,
Կը փետես թերթիկները առկայծող
Ու կը քրքջաս անյագօրէն, նենգ՝ ինչպէս միշտ,
Իմ մանկունակ, տարօրէն ազազուն սիրոյս վրայ.
Երբ գիշերուան բոցավառ էութիւնս ջրող
Աղբիւր մը ըլլալու եղար ըղձանքն իմ միակ,
Դուն եղար մոխիրնե՜րը առկայծող լաւա՜յ
Հրաբխային, ու մղեցիր զիս անդունդները հեռակայ,
Ուր բոցը սրտիս գործեց աւերներ անհուն.
Իսկ ե՜ս ինչպէս միշտ, նաեւ հիմա,
Կ’ապրիմ վերիվայրումները ներշնչանքիդ փոթորկոտ,
Անյագօրէն տենչավառ քու հրապոյրին գերող,
Տարօրէն խոցուած՝ ինծի հասցէագրուած քար լռութեան.
Գիտէի՞ր չէ՜, թէ անկարելի սէրը պիտի մնայիր ի վերջոյ,
Ու գիտէիր թէ պիտի մնայի յաւէտ երկրպագուդ,
Պիտի սպասէի անուրջներս ճենճերող քմայքիդ տռփոտ,
Հաւատարմօրէն ինչպէս միշտ ու անհունօրէն ըղձակաթ՝
Որ պիտի դուն անպայմա´ն գաս,
Ներշնչմանս կոտտումին որպէս հարազատ բալասան։
2006
ԲԱԳԻՆ, ԽԵ. տարի, Յունիս 2007, Թիւ 2, էջ 25։