ՑԱՅԳԵՐԳ
Յիշողութեանս լաստը կը նաւարկէ կրկին,
Կէսգիշերային աղջամուղջին մէջ մոլոր,
Դէպի տարաշխարհիկ քարափները անցեալի՝
հեզահամբոյր, երազային,
Ուր լուսաբորբ ոստաններ կ’ողջագուրէին զիս
գրկաբաց թեւերով
Անսեթեւեթ ու ջերմ կարօտով մը յորդուն։
Աշխարհը հոլանի կնոջ մըն էր նման՝
տարփոտ ու ծարաւի,
Գալիքը միշտ հաստատ ոստում մըն էր առաջ,
երանելիին սիրակաթ,
Խինդ ու ծիծաղ կային հոգիներէն ներս անհոգ,
հոգիներէն ներս պատանի,
Եթերին մէջ՝ ուրախ երգ ու սիրերգ անեղծ։
Յուշերու քաղցր բեռան տակ կքած՝
յիշողութեանս լաստը
Կը նաւարկէ կրկին կապոյտին մէջ անհուն,
Ու կանգ կ’առնէ քարափները աղմկոտ,
Անցեալի անրջական խռովքներով ու յոյզերով տաք,
Հեշտանքներու բաժակը ցմրուր խմած,
Մինչեւ որ լուսածագի շողերը կարկամած
թափանցելով պատուհանէն ներս
Սթափեցնեն զիս թմբիրէս խորասոյզ՝
Գիշերային լաստէն զիս վար դրած։
2003