ՑԱՍՈՒՄ

Ահաւոր բան մը կը պատահի հիմա իմ մէջ...

Կ’ուզեմ գոռալ աշխարհի երեսին ու ըսել.-

«Հերիք է որքան դաժան եղար ցարդ,

Գէթ խնայէ գալիքը որ պիտի ծնի ամուլ,

Ինչպէս այլանդակ մանուկ մը տխե՜ղծ...»:

Կ’ուզեմ արտասուել ազատ, անկաշկանդ,

Գուցէ գտնուի մէկը որ ըմբռնէ իմ ներաշխարհը

Ու ամոքէ սրտիս ցաւերը մշտաբորբոք.

Կ’ուզեմ ըլլալ բնական, ոչ դերասան,

Որ կը ծածկէ հոգւոյն խորերը իր վիշտը անձայն,

Բայց կը խնդայ հէք աշխարհին կեղծաւոր:

Կ’ուզեմ գոռալ աշխարհի երեսին ու ըսել.-

«Ափսո՜ս, որքան յիմար ենք եղեր մենք,

Ու որքան անհեթեթ այս տուայտումը՝

Բեւեռէ բեւեռ, ժամանակէ ժամանակ,

անծանօթէն՝ ծանօթ

մինչեւ գերեզմանը խո՜ր...»

1988