ԾԱՐԱՒ ԵՆՔ
Օրէ օր օղակը տագնապի
Աւելի եւս կը սեղմուի մեր վզին.
Կը հեռանանք մեր երազներէն սիրելի:
Օրէ օր առաւել կը խրինք
Պատերազմի կլանող տիղմին մէջ անպարտելի:
Կ’ըսեն... «Համբերէ՜, գարունն է մօտ»:
Բայց ե՞րբ աւարտի՜ պիտի
տարեգրութիւնն այս անվերջ,
Ե՞րբ դարձեալ ծագի՜ պիտի արշալոյսը՝
Յուսադրող, նոր կեանք աւետող:
Պիտի տեսնե՞նք արդեօք խաղաղութիւնն ամենազօր,
Պիտի քալե՞նք կրկին անհոգ, պայծառադէմ,
Թէ՞... երազնե՜ր են ասոնք գեղեցիկ, անցաւոր...
Ըսէ՜ք խնդրեմ, երբ կ’աւարտի
Տռամն այս հոգեխռով, անհաճոյ,
Ե՞րբ պիտի կրկին մենք հրճուինք անմեղօրէն:
Ո՜հ, որքա՜ն դաժան է ճակատագիրն այս՝
բարդ, անմեկնելի,
Չկա՞յ արդեօք ելք ու դարման՝
Անհուն մեր ցաւին, տառապանքին հանապազորդ...:
Ըսէ՜ք խնդրեմ: Զի մենք ծարա՜ւ ենք
Աւետաբար ձեր լուրին....:
1987