ՉԱՐԱԲԱՍՏԻԿ ԱՅԴ ՕՐԻՆ

Գիշեր մը խանդոտ ու ոխակալ,

Կեանքի արագավազ յորձանուտին ընդմէջէն

Ծնաւ եղկելի տագնա՜պ մը թախծաշունչ,

Ու մեզ նետեց բեկման գիրկը ի սպառ:

Սա այն գիշերն էր, երբ դաժան քամիներուն

Յանձնեցինք մեր պատանի ջինջ հոգին...

Մահուան ծիծաղը դարձուցինք

Ամէնօրեայ վարժութիւն սովորական...

Լացինք ու խնդացինք,

Ու գիշերներ սարսուռի՝

Խնճոյքներու սեղաններու շուրջ,

Անյոյս մաղթանքները ցայգերգով ջերմացուցինք.

Վիշտը վերածեցինք մարզանքի,

Սպասումը՝ հոգեկան հացի,

Բայց մնացինք անօթի...

Լացինք ու խնդացինք

Առաւօտեան ցայգի թերթատումին հետ,

Երբ մահուան քամիները ալեկոծ

Լափլիզեցին մեր դէմքերն ու հոգիները մոլորած:

Ուզեցինք յառաջանալ, բայց կանգ առինք:

Ուզեցինք երգե՜լ, բայց տխուր մեղեդիներ հիւսեցինք,

Երբ տերեւաթափի նման ինկան մեր յիշողութենէն

Մարդիկ, որ աստ հանգչիի մը աղօթքներուն հետ,

Կորսուեցան անյիշատակ... գիշերին մէջ անհրապոյր:

Երգեցինք տխրութիւնը անբաժան,

Որպէս աղօթքի մրմունջ, տիւ ու ցայգ:

Կարօտի յոյզերը դարձուցինք արցունքի շիթեր

Քարացած, մեր ժպիտներու անձաւները դարպասող:

Ծիծաղեցանք ժամանակ կոչուած առեղծուածին

բազմահնար՝

Անուրջներու ծեքծեքուն պարերուն ընդմէջէն,

Նոր գալիքի մը զուարթ երգերով զինուած:

Ու դեռ կ’երգենք նոյն երգը կենսուրախ

Խնճոյքներու սեղաններուն շուրջ, ու

Ծիծաղկոտ նայուածքներուն տակ աստղերուն,

Գիշերին մէջ թախծոտ ու անագորոյն,

Որպէս ամէնօրեայ վարժութիւն խաբէական...

Գիշեր մը խանդոտ ու չարաղէտ

Ծնաւ տագնապ մը անանուն...

Մեզ նետելու բեկման գիրկը գալարուն...

2009

ԿԱՄԱՐ, Թիւ 9-2009, էջ 43։