ՑԱՆԿՈՒԹԻՒՆ
Կը ցանկայի ըլլալ միշտ վե՜ր
Ու բարձրերէն դիտել այս աշխարհը,
Ուր ամէն տեսանելի բան ըլլար շքեղ,
Երազի մը նման առինքնո՜ղ ու վեհ։
Տեսնել ամբողջական պատկերը հրաշագեղ,
Հեռո՜ւ՝ մանրուքներէն ու անցաւորէն,
Տեսնել միայն վաւերականն ու արժանին,
Ու վանել կեղծը, գնայունը, արգահատելին։
Կը ցանկայի ըլլալ միշտ վե՜ր
Ու հրապուրուած դիտել այս աշխարհը շքեղ,
Չտեսնել ներսի հնոցը, տառապանքը մարդուն,
Այլ՝ տեսնել հրաշագործ, անարատ աշխարհ մը,
լուսաւո՜ր ու բիւրե՜ղ։
Կը ցանկայի յաւէտ նստիլ
Աթոռին վրայ այս ճօճուող,
Բարձր պատշգամէն դիտել
Խոր քունի մտած քաղաքը լուսաւոր,
Չտեսնել ոչինչ զիս տրտմեցնող,
Չտեսնել աղջամուղջին մէջ սուզուող
ցաւատանջ հոգիները մարդոց,
Ոչ ալ՝ անորոշին մէջ տուայտող
լո՜ւռ ամբոխը մարդոց։
Կը ցանկայի ըլլալ միշտ վե՜ր,
Չդառնալ լուսանցքին վրայ յամեցող մը միայն,
Կամ ամբոխին մէջ աննշան հետեւորդ մը պարզ,
Այլ՝ գեղեցիկի՜ն տենչացող
բարութիւ՜նը անափ,
Զերդ լուսաւո՜ր աստղ մը անհա՜ս,
Նետուած՝ եթերին մէջ խո՜ր, առինքնող։
2010