ՃԱՆԱՊԱՐՀԻ ԿԷՍԻՆ

Կը խորհրդածեմ յաճախ

Խորհուրդներուն մասին այս աշխարհի,

Ու կարծես իմ դիմաց առաւել

Կը պարզուի նոյն ճշմարտութիւնը

մերկ ու հաստատ:

Այն, որ կեանքը ոչինչ ունի տալիք նո՜ր՝

Մարդուն, այս երկնակամարին տակ.

Այն, որ կշռած ենք վաղուց բոլոր

Խօսքերն ու խորհուրդները իմաստուն,

Ու կարծես աւարտած ըլլանք

«Կեանք» կոչեցեալ մեծ վարժարանը,

Որ ոչինչ ունի աւելցնելիք հինի վրայ:

Օրերը կ’ընթանան նոյն թափ ու կշռոյթով,

Կ’անցնին ի դերեւ ու անյուշ

Նոյն գալիքի գիտակցութեամբ:

Կը զգամ արդէն որ ճանապարհի

Կէսին, հասեր եմ իմ նպատակին,

Աւարտեր եմ երթիս հանգրուանները բոլոր,

Ոչինչ շահած, ոչինչ կերտած,

Վկայեր խեղճութի՜ւնը համատարած...

1989